Երէկ ծանր օր մը եղած է Լիբանանի մէջ: Յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տաբեր փողոցներ ողողուած են ջուրով եւ քաղաքացիներու ինքնաշարժներն ու բնակարանները մեծ վնասներու ենթարկուած են:
Պէյրութի մեծագոյն առեւտրային կեդրոններէն մէկուն՝ ABC հաստատութեան մէջ ապակեայ արաստաղը փուլ եկած է եւ ամբողջ առեւտրային կեդրոնը ողողուած է ջուրերու մէջ:
Նոյնը կատարուած է տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող առեւտրային մոլերուն մէջ:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան տնօրէնութիւնը փորձած է տարբեր միջոցներով օգտակար դառնալ քաղաքացիներուն:
Կը նշուի նաեւ, որ յատկապէս պաղեստինեան գաղթակայաններու, ինչպէս Պէյրութի Պըրճ Ալ-պարաճինա շրջանին մէջ բնակիչները մեծ վնասներու ենթարկուած են, տրուած ըլլալով, որ անոնց բնակարանները կը գտնուին գետնայարկ տուներու մէջ:
Յիշեցնենք նաեւ, որ ինչպէս երէկ «Արեւելք» տեղեկացուցած էր, Պէյրութը հարուածած փոթորիկի պատճառով մահացած էր Յարութ Յուսիկեան անունով լիբանանահայ երիտասարդը:
Այլ զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր:





