Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւը Հայաստանը եւ շարք մը այլ երկիրներ մեղադրած է տարածաշրջանին մէջ ՆԱԹՕ-ի ազդեցութեան աջակցելու մէջ։
«Դաշինքը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք յետխորհրդային որոշ պետութիւններ օգտագործեց որպէս գործիք՝ Ռուսիոյ դէմ։
Մեր երկրի հետ գործընկերութեան ձգտումի մասին գեղեցիկ խօսքերու քօղին տակ ՆԱԹՕ-ն գործնականօրէն մօտեցաւ մեր սահմաններուն։ Որպէս գործիք՝ դաշինքը օգտագործեց խամաճիկ վարչակարգեր։ Այդպէս եղաւ Վրաստանի պարագային, այդպէս եղաւ Ուքրանիոյ պարագային, որ 2014-ին վերածուեցաւ ռուսատեացութեան օճախի։ Ցաւօք, այսօր նոյնը կը պատահի Մոլտովայի եւ նոյնիսկ, աւաղ, Հայաստանի հետ»,– յայտարարած է ան։