image
Հրատապ լուրեր:

Առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան շահառուներու թիւը հասած է 1 միլիոն 700 հազարի. Անահիտ Աւանէսեան

Առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան շահառուներու թիւը հասած է 1 միլիոն 700 հազարի. Անահիտ Աւանէսեան

Առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան համակարգի շրջածիրէն ներս այս տարուան յունուար 1-էն մինչ օրս բժշկական ծառայութիւններէն օգտուած է 842 հազար 750 քաղաքացի, մատուցուած է 8 միլիոն 399 հազար 491 ծառայութիւն, իսկ ծրագրի ֆինանսական կատարողականը կազմած է 97,4 միլիառ դրամ։

Այս մասին յունիս 30-ին լրագրողներու հետ հանդիպման յայտարարած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը։

Անոր  խօսքով՝ յունուար 1-էն գործարկուած առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան համակարգի ներդրման առաջին փուլն անցած է սահուն, եւ ներկայիս համակարգի շահառուներու թիւը հասած է շուրջ 1 միլիոն 700 հազարի։

Նախարարը նշած է, որ  առանց խնդիրներու ընթացած է նաեւ բժշկական կեդրոններու՝ համակարգին միանալու գործընթացը, իսկ շահառուներու թիւի աճը պայմանաւորուած է քանի մը գործոններով։ «Աւելացել է Հայաստանում 183 օր բնակուած եւ ռեզիդենտի կարգավիճակ ստացած անձանց թիւը, որոնք ավտոմատ ընդգրկւում են համակարգում։ Միաժամանակ աճել է նաեւ ամսական 200 հազար դրամից աւելի աշխատավարձ ստացող աշխատողների թիւը»,-ըսած է ան։

Նախարարը նշած է նաեւ, որ 2027 թուականի յունուար 1-էն առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան համակարգին պիտի միանան քաղաքացիաիրաւական պայմանագրերով աշխատողները, թաքսի ծառայութիւններու վարորդները, ինչպէս նաեւ բոլոր գրանցուած աշխատողները՝ անկախ աշխատավարձի չափէն։

«Բացի այդ, առաջիկայ բիւջետային քննարկումների ընթացքում նախատեսւում է դիտարկել շահառուների նոր խմբերի ընդգրկման հարցը»,-ընդգծած է Աւանէսեանը՝ աւելցնելով, որ 2028 թուականի յունուարէն կը նախատեսուի համակարգին մէջ ներառել արդէն բոլոր քաղաքացիները, այդ շարքին՝ գիւղատնտեսութեամբ զբաղողներ, ուսանողներ եւ այլ խումբեր։

«Նպատակն է առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեամբ ընդգրկել շուրջ 3 միլիոն բնակչի, իսկ նոյն ժամանակահատուածից պետական պատուերի ծրագիրը հիմնականում կը դադարեցուի՝ ամբողջութեամբ անցում կատարելով նոր համակարգին»,-նշած է նախարարը։