image

Իսրայէլ կրնայ մնալ՝ միս-մինակ

Իսրայէլ կրնայ  մնալ՝ միս-մինակ

Թրամփ  կրակ մարողի դերին մէջ…

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ յաջողեցաւ զսպել Իսրայէլ-Իրան սրացումը, որ սկսած էր  անցնող կիրակի օրը։  Արդարեւ Թէլ Աւիւնն ու Թեհրանը  երկուշաբթի  օր  դադրեցուցին իրենց փոխադարձ յարձակումները՝ Թրամփի «խիստ» համարուած  կոչէն ետք, որ պահանջած էր հրադադար հաստատել եւ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան։ Այս քայլը փրկեց ամերիկ-իրանական բանակցութիւնները, որ մեծ թափ ստացած էր   Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վերջին ամիսներուն արձանագրուած ամենավտանգաւոր ռազմական սրացումէն ասդին։ 

Սակայն երկու կողմերը տակաւին հեռու են իրենց հակասական պայմանները յաղթահարելէ եւ համաձայնութեան հասնելէ։ Բաց աստի, իսրայէլա-իրանական բախումներու վերսկսման վտանգը տակաւին  առկայ է։ Թեհրան, յարձակումներու դադրեցումէն ետք, զգուշացուց, թէ պիտի վերականգնէ իր գործողութիւնները, եթէ իսրայէլեան հարուածները շարունակուին, ներառեալ Հարաւային Լիբանանի մէջ։ Իր կարգին, Իսրայէլ յայտարարեց, թէ «չընդունիր, որ Թեհրանի վարչակարգը նոր հաւասարակշռութիւն պարտադրէ», ըստ որուն՝ «Հըզպալլա»ի դէմ իսրայէլեան գործողութիւնները պիտի պատասխանուին Իրանի կողմէ Իսրայէլի վրայ յարձակումներով։  Թէլ Աւիւ  նաեւ վերահաստատեց, որ պիտի շարունակէ իր գործողութիւնները Լիբանանի մէջ։

Թրամփ, իսրայէլեան «12-րդ Ալիք» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, յայտնեց, թէ զգուշացուցած է Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահուն, որ եթէ Իրանի հետ սրացումը պատերազմի վերածէ, ապա Իսրայէլ պիտի մնայ  միս-մինակ։ «Սի-Էն-Էն»-ի համաձայն՝ Թրամփ վերջին 24 ժամերուն ընթացքին երկու անգամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Նաթանիահուի հետ։

Թրամփ իր «Թրութ Սոշըլ» հարթակին վրայ գրեց, թէ «խաղաղութեան վերաբերեալ վերջնական բանակցութիւնները կը շարունակուին, այնքան ատեն որ տգիտութիւնն ու յիմարութիւնը անոնց ճամբան չեն կտրեր»։ Միաժամանակ ան շեշտեց, թէ ամերիկեան շրջափակումը Իրանի դէմ պիտի շարունակուի իր ամբողջ ուժով, մինչեւ վերջնական համաձայնութեան ձեռքբերումը։

 Իր կարգին Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահու, հրադադարէն ետք, յայտարարեց, թէ Իրանն ու «Հըզպալլա»ն «աւելի տկար են, քան երբեւէ, իսկ մենք՝ աւելի զօրաւոր, քան երբեւէ»,  ան ընդգծեց, որ իրենց դէմ պայքարը տակաւին աւարտած չէ։ Ան զգուշացուց, որ եթէ Իրանը վերսկսի յարձակումները, Իսրայէլ պիտի պատասխանէ «ճնշիչ ուժով»։

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց եւս սպառնաց, թէ Պէյրութը կրնայ նոր հարուածներու ենթարկուիլ, եթէ «Հըզպալլա» շարունակէ իր գործողութիւնները հիւսիսային Իսրայէլի դէմ։

Իրանի ռազմական ղեկավարութիւնն ալ, իր կարգին, յայտարարեց, թէ եթէ թշնամական գործողութիւնները շարունակուին՝ ներառեալ Հարաւային Լիբանանի մէջ, ապա Իրանի պատասխանը պիտի ըլլայ «շատ աւելի խիստ եւ ծանր, քան նախկինը»։

 Միւս կողմէ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղէր Ղալիպաֆ պնդեց, թէ լիբանանեան հրադադարի խախտումներն ու ամերիկեան ծովային շրջափակումը եղած են վերջին լարուածութիւններուն հիմնական պատճառները։ Ան յայտարարեց, թէ Իրանը երբեմն սպառնալիքով եւ բանակցութիւններու դադրեցումով, իսկ երբեմն ալ ուղղակի գործողութիւններով կը կանխէ եւ պիտի կանխէ Պէյրութի դէմ յարձակումները։

 Այս բոլորի լոյսին ներքոյ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը  կը հաստատէր, որ  Ուաշինկթընի հետ հաղորդակցութիւններն ու փոխանակուած ուղերձները կը շարունակուին։  Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանն  ալ շեշտեց, թէ Իրանը ո՛չ ռազմաճակատը լքած  է, ո՛չ ալ բանակցութիւններու սեղանը։

Միեւնոյն ժամանակ, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ յայտնեց, թէ Մերձաւոր Արեւելքի վերջին բռնութիւնները կը յիշեցնեն, թէ որքան վտանգաւոր կրնայ ըլլալ փխրուն հրադադարը եւ ինչպիսի ծանր հետեւանքներ կրնան յառաջանալ անոր փլուզումէն։ Ան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց՝ զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ խաղաղութեան եւս մէկ առիթ տալու։

Ռազմական դաշտին մէջ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ հարուածած է Իրանի արեւմտեան եւ կեդրոնական շրջաններուն մէջ գտնուող ռազմավարական հակաօդային պաշտպանական համակարգեր։  Իսրայէլեան բանակը նաեւ թիրախ դարձուց «Մահշահր»ի քիմիական համալիրի շարք մը ենթակառուցուածքներ, պնդելով, թէ անոնք օգտագործուած էին հրթիռային ծրագիրներու համար անհրաժեշտ նիւթերու արտադրութեան մէջ։

 Իսկ Իրանի կողմէ արձակուեցան շուրջ երեսուն հրթիռներ տարբեր իսրայէլեան շրջաններու ուղղութեամբ, մինչ Եմէնի հուսիները  հրթիռներ արձակեցին եւ յայտարարեցին Կարմիր ծովուն մէջ Իսրայէլի դէմ ծովային երթեւեկութեան արգելքի մասին

Ի վերջոյ, Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներ սահմանեց երկու իրանցիներու եւ «Յեղափոխական պահակազօր»-ի մէկ ստորաբաժանման դէմ՝ Հիւրրմիւզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան ազատութիւնը վտանգելու մեղադրանքով։ Իսկ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազըմ Ղարիպապատին պատասխանեց, թէ Թեհրան որեւէ կարեւորութիւն չի տար Եւրոպական Միութեան այս «քաղաքական եւ կեղծաւոր» քայլին եւ պիտի շարունակէ իր ռազմավարութիւնը՝ պահպանելու համար իր ինքնիշխանութիւնը այդ ռազմավարական նեղուցին վրայ։

 

Լիբանանի նախագահը  

 Այս բոլորի լոյսին ներքոյ Լիբանանի Հանարպետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի  կատարած յայտարարութիւնները  նոր    եռուն   վիճակ մը կը ստեղծէին, առանց անոր ալ անհանգիստ վիճակի մը մէջ գտնուող Լիբանանի ներ-քաղաքական կեանքին։

Նախագահ Աուն, որ ամերիկեան «Սի-Էն-Էն» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին  հնչած գաղափարները Նախագահ նոր հիմքեր կը դնէին  մէկ կողմէ  Պաապտայի  նախագահական պալատին եւ միւս կողմէ  «Հըզպալլա»ի միջեւ։   Նախագահի բերնէն հնչած մտքերը  նախագահութիւնը    դուրս կը բերէին  մինչ այդ տիրող բացարձակ ենթակայութենէն եւ  իրադրութիւնը կը փոխադրէին  դէպի պետական տրամաբանութիւն, որ կը ձգտի «Հըզպալլա»ն ներառնել  պետական հովանիին տակ՝ առանց զայն վերացնելու կամ ջախջախելու։

Միաժամանակ, Պաապտան կը գծէր Իրանի հետ յարաբերութիւններու նոր սահմաններ, որոնց հիմքը փոխադարձ արժանապատուութիւնն ու հաւասարութիւնն են։  Նախագահական  աթոռը  ի վերջոյ  գիտակցած էր, որ Իրան ունի քաղաքական լուծումները խափանելու եւ կայունութիւնը վտանգելու կարողութիւն՝ իր աւանդական միջոցներով, ինչպիսիք են սպանութիւններն ու  ականահարումները։ Այդ պատճառով ալ  Լիբանանի  նախագահը կ՛որդեգրէր այլ մօտեցում մը՝ հիմնուած հաշուենկատ քաղաքական ճնշումի վրայ, առանց ամբողջական խզման երթալու, որպէսզի բաց մնայ «Հըզպալլա»ի զէնքին շուրջ փոխըմբռնման հասնելու պատուհանը։ Այս քաղաքականութիւնը կը հիմնուի արաբական եւ յատկապէս ծոցի երկիրներու աջակցութեան վրայ, որոնց մէջ առաջնակարգ դեր կը խաղայ  Սէուտական Արաբիան՝ իր աշխոյժ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններով։ Լիբանանի  նախագահութիւնը  կը հասկնայ, որ  երկիրը  ի վիճակի չէ ամբողջովին փոխելու խաղի կանոնները, սակայն կը փորձէ որոշ սահմանափակումներ պարտադրել, որպէսզի  Լիբանան ներկայանայ որպէս գործընկեր եւ ոչ թէ բաց ազդեցութեան տարածք կամ բանակցային խաղաքարտ։

Այս ընթացքին ան կը բախի քաղաքական եւ քարոզչական արշաւներու, որոնք երբեմն ուղղակի, երբեմն ալ անուղղակի կերպով կը վերագրուին Իրանին կամ «Հըզպալլա»ի շրջանակներուն։ Այդ արշաւները նախագահութիւնը կը մեղադրեն «դաւաճանութեան» կամ «ստանձնած պարտաւորութիւնները խախտելու» մէջ, մինչդեռ, , նախագահին երդման խօսքը յստակ  էր ու  աներկբայ։  Նաեւ կը փորձուի համայնքային զգայունութիւններ հրահրել՝ նախագահութիւնը ներկայացնելով իբրեւ թէ կը միջամտէ կառավարութեան լիազօրութիւններուն։  Խորքին մէջ այս  բոլորի իրական թիրախը Թաէֆի համաձայնութիւնն է, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ սահմանադրական այն համակարգը, որ կտրականապէս  դէմ  է զինեալ գերիշխանութեան գաղափարին։

 Այս բոլորը  նշելէ ետք, հարկ է նկատել,  որ Հակառակ տարածուած տպաւորութիւններուն, Լիբանանի նախագահութիւնը  մեկուսացուած չէ։ Փակ դռներու ետին կը շարունակուին քաղաքական ու դիւանագիտական լայն խորհրդակցութիւններ, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութիւններ արաբական, եւրոպական եւ միջազգային գործընկերներու հետ։ Այս բոլոր ճնշումներուն նպատակը նախագահը շեղելն է իր հիմնական առաքելութենէն եւ զայն ներքաշել լիազօրութիւններու կամ ազդեցութեան շուրջ վէճերու մէջ։

Սակայն,նախագահ Աունի պայքարը լիազօրութիւններու կամ անձնական ազդեցութեան համար չէ։ Ան կը դիտուի որպէս պետութեան դիրքը ամրապնդելու փորձ՝ այն տարածաշրջանային հաւասարութիւններուն մէջ, որոնք այսօր կը վերաձեւաւորուին պատերազմներով ու արիւնահեղութեամբ։ 

 Ի  վերջոյ Իրան, որ իր ամենահզօր օրերուն չկարողացաւ ոչնչացնել Թայէֆի համակարգը, այսօր եւս չի կրնար զայն «թաղել», մանաւանդ երբ իր ազդեցութիւնը եւ տարածաշրջանային նախագիծը կանգնած է շատ  լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ։

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...