image
Հրատապ լուրեր:

Ըննդիմութեան սխալները, Մոսկուայի անտեղի «վճիռ»ները, եւ Փաշինեանի յաղթանակը

Ըննդիմութեան սխալները, Մոսկուայի  անտեղի «վճիռ»ները, եւ Փաշինեանի յաղթանակը

Մէկ կողմէն Ռուսաստանն է, միւս կողմէն  «Հաւաքական Արեւմուտք»ը ու ասոնց միջեւ կանգնած է Հայաստանը, որ կը փորձէ այս խաղէն դուրս գալ նուազագոյն  վնասներով։  Կան անշուշտ այլ շերտեր եւս, բայց որ այս փուլը յստակօրէն կը նշանաւորուի Ռուսաստանի  Հարաւային Կովկասէն «մասնակի» կամ առժամեայ հեռացումով մեծ փաստ է ու շատ հաւանաբար, ատոր համար է, որ եւրոպացիք բարոյապէս ու ապագային ալ նիւթապէս կարեւոր նեցուկ պիտի տրամադրեն Հայաստանին, միայն այն նպատակով, որ Ռուսական ներկայութիւնը հասնի եւ «հանգրուանէ» նուազագոյն կէտի մը վրայ։ 

Մնացեալը կարեւոր մանրամասնութիւններ են, թիւեր, քուէներ, խախտումներ, յետ-ընտրական  որոշակի «ջղայնութիւններ»  եւ սակայն արդիւնքը պիտի մնայ նոյնը՝ ընդդիմութինը սխալեցաւ, Մոսկուան անտեղի «վճիռներ» տուաւ, իսկ Նիկոլ Փաշինեանն ու «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը յաղթական դուրս ելան…։ 

Չեմ բացառեր, որ  ՀՀ գործող վարչապետին առաջինը շնորհաւորեն՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը, եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։

Թրամփը, որպէս հիմնական «գործընկեր» մը Փաշինեանի իշխանակարգին, իսկ նախագահ Էրտողանը, որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիր ու նաեւ Հայաստանի այս ղեկավարութեան հետ համագործակցող կեդրոնական դէմք։ Այս բոլորը կարեւոր են անշուշտ հասկնալու համար, թէ ինչ հունի մէջ է Հարաւային Կովկասը, ուր ռուսական ներկայութիւնը պիտի շարունակէ աւելիով թուլանալ։ 

Մէկ ամիս տեւած ընտրական թէժ արշաւէ ետք, Հայաստանն ի վերջոյ կը մտնէ  բոլորովին նոր փուլ մը, որ պիտի նշանաւորուի  ներքին- հաստատութենական բարեփոխումներով, դատարիրաւական մարմնի առողջացումով, տնտեսական կայուն տեսլականով ու նաեւ  եթէ  վերընտրուած իշխանախումբը ճիշդ մտածէ ու գործէ ներքին կայուն համերաշխութեամբ։  Ի հարկէ շատ իտէալական են փափաքներս, սակայն  այս բոլորը այդքան ալ դժուար իրագործելի դրոյթներ չեն։

Ի վերջոյ Նիկոլ Փաշինեան շատ լաւ գիտէ իր թոյլ կողմերը, բացթողումները եւ իր վարկանիշին վնաս բերած սխալները։ 

Ու այդ բոլորին պատճառով է, որ ան կրնայ փոխել իր մտասեւեռումները եւ իրերուն նայիլ բոլորովին այլ պատուհանէ մը։ 

Ոչ անպայման զիջողական ըլլալու մասին է այդ մօտեցումը, սակայն անպայման ներքին հրապարակը կայունացնելու մասին է։

Հոս անշուշտ կան մի քանի կարեւոր հաշուարկներ՝ եկեղեցւոյ դէմ պայքարի «վերաշարադրում», կրօնական թէ աշխարհիկ ընդդիմադիր գործիչներու դէմ պայքարի նահանջ, ու ամէնակարեւորը երկրին մէջ համերաշխութիւն մը աճեցնելու կենսականութիւն։

Միւս կողմէ յստակ է արդէն, որ արմատական համարուած ընդդիմութիւնը ամբողջովին պիտի դիմափոխուի, ու այնտեղ հիմնական դէմք հանդիսացող երկու նախկին նախագահները ՝Ռ. Քոչարեան եւ Ս. Սարգսեան կրնան  ամբողջապէս քաշուիլ ընթացող խաղէն։

Անոնք՝ նախկինները պիտի ունենան իրենց հետեւորդները, կամ իրենց ուղին շարունակողները, բայց դժուար է պատկերացնել, որ  այս ընտրութիւններուն գոյաւորուած ընդհանուր պատկերը կամ իշխանափոխութիւն իրականացնելու «աստեղային ժամ»ը արդէն իսկ կը պատկանի անցեալին։

Միւս կողմէ յստակ է նաեւ, որ երէկ եօթը Յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութեանց հիմնական քուէարկողը եղան՝ Հայաստանի «Ջերմուկ»  ջուրի  մակնիշը, հայկական համեղ ելակը ու նաեւ Մոսկուա չհասած ծաղիկները, որն արդէն սկսան ուղարկուիլ թէ Եւրոպական  այլ քաղաքներ։ 

Ու այս բոլորն անշուշտ որոշակի նշաններ են, հասկնալու եւ հաստատելու համար, թէ ինչու ՀՀ քաղաքացին այդքան աշխոյժ, ինչու էր ընտրողներու  իրաւունք ունեցող մասնակիցներուն թիւը այդքան բարձր եւ ի վերջոյ, ինչ պատճառով էր, որ  տեղի ունեցած ընտրութիւնները  նշանաւորուեցան աննախընթաց աշխուժութեամբ։

Ռուսները սխալեցան ու անոնց սխալին գինը  քաղեցին այս ընտրութիւններու հաւանական արդիւնքներով։ Հաւանաբար անոնց համար մեծ խնդիր մը չէ այդ բոլորը, որովհետեւ ինչպէս Փաշինեանն էր յայտարարած, սարերու ետին չէ վերջինիս Մոսկուա տալիք այցն ու Վ. Փութինին հետ «Թէթ ա թէթ» հանդիպումն ու «սիրտեր լուալ»ու  հերթական առիթը։ 

Այս բոլորէն անդին այս ընտրութիւնները պիտի նշանաւորուին միջազգային ուժերու միջեւ յստակ պարանաձգութեամբ։

Մէկ կողմէն Ռուսաստանն է, միւս կողմէն  «Հաւաքական Արեւմուտք»ը ու ասոնց միջեւ կանգնած է Հայաստանը, որ կը փորձէ այս խաղէն դուրս գալ նուազագոյն  վնասներով։  Կան անշուշտ այլ շերտեր եւս, բայց որ այս փուլը յստակօրէն կը նշանաւորուի Ռուսաստանի  Հարաւային Կովկասէն «մասնակի» կամ առժամեայ հեռացումով մեծ փաստ է ու շատ հաւանաբար, ատոր համար է, որ եւրոպացիք բարոյապէս ու ապագային ալ նիւթապէս կարեւոր նեցուկ պիտի տրամադրեն Հայաստանին, միայն այն նպատակով, որ Ռուսական ներկայութիւնը հասնի եւ «հանգրուանէ» նուազագոյն կէտի մը վրայ։ 

Մնացեալը կարեւոր մանրամասնութիւններ են, թիւեր, քուէներ, խախտումներ, յետ-ընտրական  որոշակի «ջղայնութիւններ»  եւ սակայն արդիւնքը պիտի մնայ նոյնը՝ ընդդիմութինը սխալեցաւ, Մոսկուան անտեղի «վճիռներ» տուաւ, իսկ Նիկոլ Փաշինեանն ու «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը յաղթական դուրս ելան…։ 

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...