image

Փօլ Պաղտատլեանի պատմութիւնը

Փօլ Պաղտատլեանի  պատմութիւնը

Երգիչ Փօլը կ՚ապրէր մեր հարեւանութեամբ: Անոր ձայնը հեղեղի պէս կը տարածուէր Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ, ներս կը մտնէր հին ու նոր թաղամասերու բոլոր անցքերէն: Մեր կեանքի պատմութեան մէկ օղակն էր Փօլը, որուն չէինք ոզեր յատուկ կարեւորութիւն տալ պարզ այն պատճառով, որ անոր ճակտին փակցուցած էին «Ալա թուրքա» երգիչի պիտակը: Ան կ'ապրէր մեր հարեւանութեամբ, բայց անոր հետ իմ առաջին լուրջ հանդիպումս եղաւ Կիւմրիի մէջ: Գացած էի տեսնելու «Եօթ Վէրք» եկեղեցին, որ այդպէս ալ մնաց յիշողութեանս մշուշներուն մէջ: Գրող ընկերս՝ Վահան Թամարեանն էր ուղեկիցս, որ Կիւմրիի բոլոր մանրամասնութիւնները բացաւ իմ առջեւ: Ան պատմեց «Պուլուզ Մուկուչ»ի պատմութիւնը, տարաւ յայտնի գարեջրատուն, հեռուէն մատնացոյց ըրաւ այդ տարիներու օլիկարխիային՝ ամռան տապին ծանր եւ սեւ փողկապներով, եւ երիտասարդ զոյգի մը խառնաշփոթ պատմութեան ականատես եղանք այդ ընթացքին: Կիւմրիի հին շէնքերու բակերէն արեւմտահայերէն հնչերանգով Կիւմրիի բարբառը հաճելիօրէն կը լեցնէր ականջներս: Վահանը ուզեց արեւային ակնոց առնել: Հաւանաբար հետագային Գրողներու միութեան շէնքի մայթին կանգնած այդ  ակնոցով կը դիտէր անցնող-դարձողները ու կը գրէր իր պատմուածքները: Երկուքով գացինք քաղաքի շուկան: Թանձր թախիծ մը կար այդ շուկային մէջ, ուր միաժամանակ ամէն ինչ կը վաճառէին: Սեղաններուն քսուած այդ թանձրոյթի մէջէն մարդիկ զարմանալի հայեացքներով մեզի կը նայէին՝ թէ ի՞նչ կը փնտռենք արդեօք: Վահանը ինծի աչք ըրաւ, թէ մի զարմանար, իրենց համար արտասովոր է փոքր մօրուքով եւ շորթով արեւմտահայերէն խօսողի ներկայութիւնը՝ իրենց տխուր այդ տարածքին մէջ, ուր ժամանակը, կը տեսնէի, որ շատ չէր հեռացած երկրաշարժի տարիէն: Ո'չ ես իրենց կը հասկնայի,  ո՛չ իրենք՝ ինծի,   թէեւ  նոյն հնչերանգով կը հնչեցնէինք հայերէն որոշ բառեր: Բայց շատ կ'ուզէի  խօսիլ այդ մարդոց հետ, եւ միակ հեշտ բանը, որ այդ պահուն ըսի՝ գիրք վաճառող մէկուն, այս էր.

-«Յովաձորի գերիներ»ը ունի՞ք։

-Այո՛ ունինք, - լսուեցաւ ուրախ ձայն մը, եւ Վահանը մօտեցաւ, որպէսզի կարգաւորէ իմ եւ կիւմրեցիի միջեւ սկիզբ առած առեւտրային յարաբերութիւնները:

-Ո՛չ քեզ, ո՛չ իրան, - վերջնականապէս սակարկեց գրող ընկերս, ու ես գնեցի Վախթանգ Անանեանի հնամաշ այդ գիրքը: Հետագային գիրքը մեր հարեւան Նազօն՝ «խենթ որսորդը» աղաչեց, որ տամ իրեն ու այդպէս ալ գիրքը գնաց, ու մնաց միայն Նազոյին աղիողորմ աղաչելու տեսարանը, որ ոստիւնով մը թռաւ-կապուեցաւ Կիւմրիի շուկայի գրավաճառի հետ:

Շուկային մէջ քիչ մը աւելի խորանալով՝  լսեցի «Սիրում ենք իրար խելագարի պէս, թանկագին ծնողները մեզ բաժանում…»

Փօլի ձայնը կը թեւածէր սովետական օրերէն մնացած ժապաւէնէն, որ ձայնագրուած էր Պէյրութի մէջ՝ 1974-ին, եւ ես այն կը լսէի Կիւմրիի շուկային մէջ՝ 1994-ին:

Երգը կ՚աւարտի, կրպակին տէրը կը նայի աչքերուս՝ զգալով, որ ըսելիք մը ունիմ.

-Սպասի,  անջատեմ:

-Փօլն է:

-Այ՛ ապրես, Փօլն է, հայ երգի մեծ վարպետը:

Կը ծանօթանանք, անուն-ազգանուն,  փողոց,  շէնք, հեռախօսի համար-մամար, եւ մարդը թախանձագին կը խնդրէ ջերմագին բարեւներ տանիլ երգիչ Փօլին:

Կիւմրեցիներուն համար Փօլը պէյրութցի էր, պէյրութցիներուն համար Փօլը հալէպցի էր, իսկ հալէպցիներուն համար Փօլը միջազգային էր:

Կիւմրեցի քասեթավաճառին չըսի նոյնիսկ, որ երգիչ Փօլը Պէյրութէն սուս ու փուս չուած էր դէպի Լոս Արմենոս: Առանց ձայնի ու աղմուկի:

Բայց պատմեցի պատմութիւն մը, թէ ինչպէս Փօլ Պաղտատլեանը, փոքր տարիքին, կորսնցնելով մօրը՝ Պէյրութ գացած էր եւ աշխատած հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ, իսկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն   հայկական թաղերը հսկող հայ տղաներու հետ հերթապահութիւն ըրած՝ յընթացս գրելով սիրային ու աշուղական երգեր ու այդպէս գրաւած է բազմաթիւ սիրտեր: Այդ ձեւով Փօլը դարձած  է անօրինակ   սիրուած երգիչ, իսկ անոր երգերը՝ դեղ ու դարման հայրենիքէն հեռու ապրող սփիւռքահայերու համար, որոնք  մէկ կողմէն նաեւ սիրոյ հարուածներէն կը խոցուէին:   Չեմ գիտեր ինչ պատճառով ան հեռացաւ իր սիրած  Պուրճ Համուտէն, բայց հաստատ էր, որ անոր համերգներուն ասեղ նետելու տեղ չկար: 1970-80-ականներու աստղն էր ան, որ Ձախ Յարութին հետ ընկերացաւ նոյն Պուրճ Համուտի մէջ, եւ երկուքով՝ իրար երգերով ներշնչուած, կերտեցին սփիւռքի խրախճանքային երգի ոսկեդարը:

Տարիներ անց, Փօլ Պաղտատլեանի ձայնագրութիւնները մտան ամենաշատ վաճառուող  ձայնասկաւառակներու տասնեակի մէջ  եւ տարածուեցան աշխարհով մէկ, հասնելով մինչեւ հեռաւոր Կիւմրի, որ շատ հաւանաբար հայրենադարձներու՝ «ախպարներու» հարազատները Պէյրութէն եւ Հալէպէն կ'ուղարկէին իրենց սիրասուն ազգականներուն համար, իբրեւ սրտերը կապող թել մը:  Հայաստանի մէջ, յետոյ գիտցաւ, յատուկ «ախպարի հարսանիք» արտայայտութիւն կար,  երբ հայրենադարձներն կ'ամուսնանային, եւ ուր Փօլի երգերը կը հնչէին: Հայաստանցի ռապիզ երգիչները յատուկ կը սորվէին այդ երգերը եւ կ'երգէին, կամ ալ ուղղակի Փօլի ձայնագրութիւնները կը  միացնէին այդ հարսանիքներուն: 

Իր հանդէպ անխնայ էր Փօլը՝  պոհեմիկ կեանքով կ'ապրէր, ու Ամերիկա տեղափոխուելէն ետք շարունակեց նոյն պոհեմը եւ մոմի պէս հանգեցաւ՝ հազարաւոր նորապսակներու եւ յոբելեարներու բաշխելով իր արեւելեան ձայնը՝ սփիւռքի խօսակցական եւ գրական լեզուն խառնելով ու դարձնելով երգ:

 

 


 

Ան շրջեցաւ աշխարհով մէկ, նորէն եղաւ իր ծննդավայրը, եկաւ Հայաստան (1998-ին),եւ այդ օրերու քիչ թիւով մամուլը այնուամենայնիւ վերնագրեր շռայլեց՝ «ռապիզի արքայ» անուանելով  սփիւռքահայ ամենայայտնի երգիչին:

Նոյն կերպով մամուլը անդրադարձաւ նաեւ անոր մահուան՝ 2011-ին, յատկապէս սփիւռքի մամուլը անոր մահը ներկայացուց որպէս թռիչքի պահին վիրաւոր  բազէի շիջում՝ հայոց  երգի երկնակամարին: Նորօրեայ աշուղին փառք բերած ամենամեծ առաւելութիւնը անոր անկեղծութիւնն էր՝ թէ՛ երգերուն, թէ՛ համերգներուն ժամանակ անոր անբռնազբօս  պահուածքն ու  բանաւոր  ազատ խօսքը, որուն նոյնքան անհամբեր կը սպասէր ունկնդիրը:

Այսօր, Երեւանի մէջ ծուարած սուրիահայերու տուներէն, անոնց համեղ ուտելիքներու կրպակներէն եւ թաքսիներէն, որ կը վարեն հալէպահայերը,  կրկին կը լսուի Փօլի ձայնը: Անոր ազգային ու հայրենասիրական երգերը ամոքիչ են պատերազմի անորոշութեան մէջ յայտնուած սուրիահայերուն համար, եւ այսօր մեր օրերուն անհնար է անտեսել  Փօլի ներկայութիւնը, եւ անհնար է չյիշել Փօլի ամենայայտնի երգերէն մէկը, որ ան նուիրած էր արաբական աշխարհին եւ այսպէս կը հնչէր արաբերէնով.

«Մին Պիլատի Արմինիա Ժինա քա տյուֆաք

Ու ժալապնա մահնա նար ուլուպինա

Ուա մին քուլ Երեւան, Ուաթան Ալ աութան

Ուա մին Սեւան ալ կամիլա Սալամ լաք ախի ալ արապի»

(«Իմ Հայաստան աշխարհէն հիւր ենք քեզ եկել,

Մեր սիրավառ սրտերի հուրն ենք քեզ բերել

Հասուն արտերից

Խաղաղ սրտերից կապուտաչեայ մեր Սեւանից

Քեզ ողջո՜յն, իմ արաբ եղբայր»)

Սագօ Արեան


Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...