Թեհրանը պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները, եթէ ամերիկեան կողմն ալ նոյնը կատարէ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան։
«Փոխըմբռնումը երկկողմանի գործընթաց է։ Եթէ ամերիկեան կողմը յանձնառու ըլլայ համաձայնագիրին, մենք նոյնպէս պիտի կատարենք մեր պարտաւորութիւնները»,– գրած է ան X հարթակին վրայ։
Միեւնոյն ժամանակ ան աւելցուցած է, որ Թեհրանի մօտեցումը սպառնալիքներուն «հիմնուած է որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ ողջամտութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան, ինչպէս նաեւ վճռական ու անվախ պաշտպանութեան վրայ, երբ խօսքը գործնական քայլերու կը վերաբերի»։
Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Յունիս 30-ին Տոհայի մէջ նախատեսուած են ամերիկա-իրանեան բանակցութիւններ։ Սակայն Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղայի յայտարարած է, որ առաջիկայ օրերուն Թեհրանը Քաթարի մէջ ամերիկեան կողմին հետ որեւէ շփում չի նախատեսեր։
Այնուամենայնիւ, տեղեկութիւններ տարածուած են, որ ԱՄՆ նախագահի յատուկ բանագնացն արդէն իսկ մեկնած է Տոհա։