Ատրպէյճանը Հայաստանին փոխանցած է աւելի քան 2000 հայ զինծառայողի աճիւն։ Այս մասին Պաքուի մէջ անհետ կորսուած անձանց հարցերուն նուիրուած միջազգային համաժողովի ընթացքին յայտարարած է արտաքին գործոց փոխնախարար, գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած քաղաքացիներու հարցերով պետական յանձնաժողովի անդամ Էլնուր Մամետով, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
«Անհետ կորսուածներու խնդրի լուծումը կը պահանջէ բոլոր կողմերու համատեղ ջանքերն ու թափանցիկ համագործակցութիւնը։ Անհետ կորսուած իւրաքանչիւր անձի ընտանիք իր ողբերգութիւնն ունի։ Անհետ կորսուած անձերու հարցը համաշխարհային մարդասիրական օրակարգի առաջնահերթ թեմայ է»,– ըսած է Մամետով։
Ան նշած է, որ 2020 թուականի նոյեմբերէն ի վեր Ատրպէյճանը Հայաստանին փոխանցած է ռազմադաշտին մէջ յայտնաբերուած աւելի քան 2000 հայ զինծառայողի աճիւն։
«Մեր զինուորականները այդ որոնումները իրականացուցած են դժուար եղանակային պայմաններու եւ ականներու բարձր վտանգի պայմաններու տակ»,– աւելցուցած է Մամետով։