image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններ չեն նախատեսուիր. Քաթարի ԱԳՆ

ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններ չեն նախատեսուիր. Քաթարի ԱԳՆ

Տոհայի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի պատուիրակութիւններու միջեւ ուղիղ բանակցութիւններ նախատեսուած չեն, իսկ անուղղակի բանակցութիւններու հիմնական թեմաները պիտի ըլլան Հորմուզի նեղուցին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Իրանի միջուկային ծրագիրը։ Այս մասին յայտարարած է Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժիտ պըն Մոհամմետ ալ-Անսարին։ 

«Հորմուզի նեղուցին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, անշուշտ, ընթացիկ բանակցութիւններու հիմնական թեմաներէն մէկն է։ Սակայն սա միակ վիճայարոյց հարցը չէ. կան նաեւ այլ հարցեր, որոնց շարքին՝ Իրանի միջուկային ծրագիրը եւ, առհասարակ, տարածաշրջանային իրավիճակը»,– ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է դիւանագէտը։

Ալ-Անսարի շեշտած է, որ Տոհայի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ եւ կեդրոնացած է Հորմուզի նեղուցին մէջ անարգել նաւարկութեան ապահովման վրայ։

Ալ-Անսարիի խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆը եւ Տանըլտ Թրամփի փեսայ եւ խորհրդական՝ Ճարետ Քուշները, Քաթարի մէջ միջնորդներուն հետ պիտի քննարկեն տարածաշրջանային հարցեր, որոնց շարքին՝ Իրանի հետ բանակցութիւնները եւ Լիբանանի իրավիճակը։

 

Ան նաեւ յայտնած է, որ մօտակայ օրերուն Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի պատուիրակութիւններու միջեւ ուղիղ շփումներ նախատեսուած չեն։ Բանբերը նշած է, որ երկու կողմերուն միջեւ բարձր մակարդակի ուղղակի հանդիպումները կարելի պիտի ըլլայ միայն այն պարագային, երբ արդիւնքներ ձեռք բերուին մասնագիտական պատուիրակութիւններու մակարդակով։