Նշենք, որ այս կարեւոր հիմնարկի նախաձեռնող հաւաքին ներկայ եղաւ եւ իր օրհնութիւնը բերաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Հոլանտայի մէջ պաշտօնապէս իր գործունէութիւնը սկսած է «Հայ մասնագիտական խումբերու համագործակցութիւն» (Samenwerking Armeense Beroepsgroepen – SAB) հիմնարկը։ Նորաստեղծ կառոյցին նպատակն է մէկ յարկի տակ համախմբել տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող հայ մասնագէտները, գործարարները, ուսանողները եւ երիտասարդ մասնագէտները՝ ստեղծելով համագործակցութեան, փորձառութեան փոխանակման եւ փոխադարձ աջակցութեան միջավայր։
Հիմնարկի ղեկավարութիւնը կը հաւատայ, որ մասնագիտական կապերու ամրապնդումը կրնայ էական ներդրում ունենալ Հոլանտայի հայ համայնքին զարգացման եւ անոր ներուժի աւելի արդիւնաւէտ օգտագործման մէջ։
SAB-ի վարչական կազմին մէջ կը գտնուին նախագահ Էտիք Հուսէյնովը, քարտուղար Սալփի Պօղոսը եւ գանձապահ Գայանէ Աբրահամեանը։
Հիմնարկին առաջին կարեւոր նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցած է Մայիս 31-ին, Տորտրխթ քաղաքին մէջ, ուր կազմակերպուած է «Կարիերա եւ Կապեր» (Carrière & Connecties) խորագիրով ցանցային հանդիպումը։ Ձեռնարկը համախմբած է տարբեր մասնագիտական ոլորտներ ներկայացնող հայեր, որոնք առիթ ունեցած են ոչ միայն ծանօթանալու իրարու գործունէութեան, այլ նաեւ քննարկելու համագործակցութեան նոր հեռանկարներ։
Օրուան առաջին բաժինին, հինգ բանախօսներ ներկայացուցած են իրենց մասնագիտական ուղին, ձեռքբերումներն ու փորձառութիւնը, որոնք մասնակիցներուն համար դարձած են ներշնչման եւ օգտակար գիտելիքներու աղբիւր։
Ձեռնարկին երկրորդ բաժինը նուիրուած եղած է փոխազդեցիկ քննարկումներու։ Մասնակիցները խումբերով անդրադարձած են շարք մը այժմէական նիւթերու՝ խելացի ձեռնարկատիրութենէն եւ շուկայավարումէն մինչեւ արհեստական բանականութեան կիրառութիւն, անձնական տուեալներու պաշտպանութիւն եւ պետական կառոյցներու մէջ աշխատանքի առանձնայատկութիւններ։
Կազմակերպիչները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած են ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւոր Էտմոնտ Սարգիսին, որուն աջակցութեամբ կարելի եղած է իրականացնել նախաձեռնութիւնը։ Շնորհակալական խօսքեր ուղղուած են նաեւ բանախօսներուն, կամաւորներուն, կազմակերպչական խմբակի անդամներուն եւ բոլոր մասնակիցներուն։
Հանդիպումը աւարտած է հայկական աւանդական խորովածով, որ պատրաստած են «Meesters van Mangal»-ի ներկայացուցիչները՝ ստեղծելով ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտ։
SAB հիմնարկին պատասխանատուները կը նշեն, որ առաջին նախաձեռնութեան յաջող ընթացքը ցոյց տուաւ նման ձեռնարկներու անհրաժեշտութիւնն ու պահանջարկը համայնքին մէջ։ Արդէն իսկ սկսած են նախապատրաստական աշխատանքները յաջորդ հանդիպումներուն եւ նոր ծրագիրներուն համար։
Հիմնարկը բաց է բոլոր այն հայերուն առջեւ, որոնք կը փափաքին ներգրաւուիլ մասնագիտական համագործակցութեան ցանցին մէջ, ընդլայնել իրենց կապերը եւ նպաստել Հոլանտայի մէջ աւելի ուժեղ եւ համախմբուած հայկական մասնագիտական համայնքի ձեւաւորման։

Լուրը քաղած ենք «Հոլանտայի օրագիր» հարթակէն։