Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 31-րդ տարեդարձը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նշուեցաւ հոգեւոր խորունկ մթնոլորտով, Հայրապետական Մաղթանքով եւ երախտագիտութեան ջերմ արտայայտութիւններով։ Երեք տասնամեակներ եւ մէկ տարի շարունակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահին վրայ Արամ Ա. Վեհափառը իր ծառայութիւնը դարձուցած է ոչ միայն եկեղեցական առաջնորդութիւն, այլեւ համազգային տեսլական, Սփիւռքի վերակազմակերպման կոչ եւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան բարձր ձայն։
Այս առիթով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք՝ Հայրապետին առողջութեան, արեւշատութեան եւ արդիւնաւոր առաքելութեան համար, իսկ Վեհարանի դահլիճին մէջ հնչեցին շնորհաւորական խօսքեր եւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը՝ վերանորոգ հաւատքով, ամբողջական նուիրումով եւ անմնացորդ ծառայութեամբ շարունակելու Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին համազգային առաքելութիւնը։
Ստորեւ կիրակի օր տեղի ունեցած հոգեպարար արարողութեան եւ յոբելինական նշումին մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կայքէջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 31-րդ տարեդարձին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելով աշխարհատարած բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ, Կիրակի, 28 Յունիս 2026-ին մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք՝ Հայրապետական Մաղթանք՝ շնորհազարդ Հայրապետին առողջութեան, արեւշատութեան եւ արդիւնաւոր ծառայութեան համար։
Արդարեւ, Մայրավանքին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութենէն խումբ մը միաբան հայրեր, նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, բարձրացան Սուրբ Խորան, ուր շարականներով եւ աղօթասացութիւններով՝ Ամենակալէն հայցեցին օրհնութիւն եւ զօրութիւն՝ Կիլիկիոյ հայոց Հայրապետին եւ Հայ եկեղեցիին։
Նշենք, որ հաւատացեալ հայորդիներու կողքին ներկայ էին Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Լիբանանի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւներու վերին մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Սուրբ Պատարագը մատուցեց Կաթողիկոսարանի քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց պատասխանատու եւ Վեհափառ Հայրապետի գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, իսկ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։
Անուշաւան արքեպիսկոպոս քարոզը սկսաւ՝ մէջբերելով շարականագիրին բառերը. «Շնորհազարդ պայծառացո՛ զգաւազան իշխանութեան մերոյ Հայրապետին»։ Խօսելով գաւազան հասկացողութեան մասին՝ սրբազան հայրը ըսաւ, որ «գաւազանը Սուրբ Գիրքին մէջ կը խորհրդանշէ հեղինակութիւն, զօրութիւն եւ պատասխանատուութեամբ օծուն առաջնորդութիւն»։ Ան ներկայացուց Մովսէս մարգարէի այցելութիւնը փարաւոնին պալատը՝ իբրեւ զԱստուած ներկայացնող հեղինակութիւն, որ վեր է մարդկային ամէն իշխանութենէ եւ յիշեցուց, որ մարգարէն, իր գաւազանով, բազմաթիւ հրաշքներ գործեց եւ Աստուծոյ գերագոյն զօրութիւնը յայտնաբերեց. այս հասկացողութեամբ, քրիստոսահիմն եկեղեցւոյ եւ առաքելաշաւիղ մեր Սուրբ Աթոռին Հայրապետին գահակալութեան 31-րդ տարեդարձին առթիւ, ի խորոց սրտէ խնկաբոյր աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի առաւել եւս պայծառացնէ հայոց Կաթողիկոսին իշխանութեան գաւազանը՝ յօգուտ Հայ թէ՛ Ընդհանրական եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն հայկազեան հայ ժողովուրդի զաւակներուն։
Ապա, Անուշաւան սրբազան հայրը հաւատացեալներուն յիշեցուց 1995 թուականին, կաթողիկոսական օծման առիթով, մեր Վեհափառ Հայրապետին արտասանած աղօթքը՝ «Սուրվեցո՛ւր ինծի, Տէ՜ր, Քու արդարութիւնդ», եւ դիտել տուաւ, որ վերջին երեք տասնամեակները կը վկայեն հայրապետական գաւազանին պայծառացումը։ Այս առիթով ան համապարփակ խօսեցաւ Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ ու տնօրինումով Հայ եկեղեցւոյ ապրած բարգաւաճումը՝ զանազան մակարդակներու վրայ։ «Իր ծառայական կեանքի փորձառութեամբ երկնած հատորները մարդը առաւել եւս մօտեցուցին Աստուծոյ, իսկ օտարը՝ Հայ եկեղեցիին», հաստատեց ան։ Սրբազան հայրը շարունակեց եւ նշեց, որ Վեհափառ Հայրապետը յոյսի եւ վերակազմակերպման նոր աւիշ սրսկեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւատքին մէջ։ 31-ամեայ ծառայութեան ոլորտին մասին համապարփակ խօսելով՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոս անդրադարձ կատարեց Հայրապետին՝ երիտասարդներուն ընծայած յատուկ հոգածութեան, հայ մշակոյթին ու գրականութեան նախանձախնդրութեան, հայ դատին պահանջատիրութեան բարձրագոյն ջանքերուն, միջ-եկեղեցական շարժումին եւ միջ-կրօնական յարաբերութեան տածած անզուգական ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական շրջանակի մէջ ունեցած առողջ կեցուածքներուն…։
«Որպէս հոգեւոր զաւակներ, ինչպէ՞ս կարելի է չցնծալ՝ խորապէս գիտակցելով, որ համաշխարհային քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ամէնէն ցնցիչ վերիվայրումներուն մէջ Աստուած պարգեւած է մեզի բազմաշնորհ Հայրապետ մը, որ անվհատ կերպով ընդ հուր եւ սուր կ՚առաջնորդէ իրեն վստահուած քրիստոսական «հօտ փոքրիկ»ը», եզրափակեց Անուշաւան սրբազանը իր քարոզը։
Վեհարանի դահլիճին մէջ ուղերձ՝ յանուն Միաբանութեան
Սուրբ Պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին գահակալութեան 31-րդ տարեդարձին առիթով շնորհաւորական հաւաքոյթ։
Միաբանութեան անունով ուղերձ ընթերցեց Դպրեվանքի հսկիչներէն Հոգեշնորհ Տ. Ազատ Վրդ. Ֆիլիքեան։ «Այսօր բոլորս մեր հայեացքները կ’ուղղենք դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական այն դարաւոր գահին, որուն անսասանութեան, պայծառութեան եւ հոգեւոր վերելքին հիմնական դերակատարը կը հանդիսանայ անոր արժանընտիր գահակալը եւ մեր սիրեցեալ հովուապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը», սկսաւ հայր Ազատ ուղերձը: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հայոց այս Սուրբ Աթոռի պատմութեան բախտորոշ ու դժուարին ժամանակաշրջանի ընթացքին հայերուս պարգեւած է մեր եզակի Հայրապետին պէս իմաստուն առաջնորդ մը, որ իբրեւ Կաթողիկոս եղաւ հոգեւոր հայր, ազգային ռահվիրայ, մտաւորական հանճար եւ հայութեան հաւաքական ցաւերուն ու ձգտումներուն թարգման: Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ Աստուա՛ծ կ՚ընտրէ առաջնորդը եւ Աստուա՛ծ կ՚առաջնորդէ իր ժողովուրդը, ուստի 31 տարիներ շարունակ Ամենակալը առաջնորդեց Հայրապետին քայլերը եւ զօրացուց հայոց հովիւը: «Երբ կը դիտենք անցնող երեսունեւմէկ տարիներու հսկայական վաստակը, մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի Ահարոնի ծաղկեալ գաւազանին խորհուրդը: Ինչպէս աստուածային կամքով անապատին մէջ ծաղկեցաւ անոր գաւազանը՝ իբրեւ ընտրութեան եւ հոգեւոր հեղինակութեան նշան, այնպէս ալ Վեհափառ Հայրապետին ձեռքին գտնուող Կիլիկեան մականը ծաղկեցաւ ու պտղաբերեց հայ կեանքի մրգաստանէն ներս, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ապրեցաւ իր ժամանակակից ոսկեդարը», ընդգծեց ան:
Ապա, հայր Ազատ ընդգծեց, որ Սփիւռքի թէ Հայրենիքի գոյութենական սպառնալիքներուն դիմաց, Վեհափառ Հայրապետին ձայնը խրոխտաբար կը հնչէ իբրեւ զգաստութեան բամբ եւ ցնցիչ հրաւէր: «Ան իր բարձրագոյն հեղինակութեամբ, միջազգային բեմերու վրայ եւ պետական բարձրաստիճան հանդիպումներու ընթացքին, դարձաւ հայ դատի անխոնջ պաշտպանը, Արցախի խնդիրը բարձրաձայնողը եւ հայութեան արդար իրաւունքներու պահանջատէրը»։
Վերջապէս, ան որդիական անսահման սէր, ակնածանք ու երախտագիտութիւն յայտնեց Հայրապետին. «Ձեր ծաղկեալ գաւազանին ներքեւ կրթուած սերունդները եւ ձեր հովանիին տակ պատսպարուած հաւատացեալ ժողովուրդը, այսօր միասնաբար կը վերանորոգեն իրենց ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու ձեր պատգամներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր առաքելութեան: Որպէս ձեր որդիները, կը խոստանանք ձեր հայրապետական առաջնորդութեան ներքոյ շարունակել մեր աշխատանքը նոյն այն թափով եւ նուիրումով, որ դուք մեզի սորվեցուցիք, եւ, ուստի, մեր շնորհակալութիւնը կը վերածուի երդումի՝ ըլլալու ձեր տեսլականի դրօշակակիրները հայ կեանքէն ներս», ըսելով՝ աւարտեց հայր Ազատ ուղերձը:
Հայրապետական պատգամ
Ուղերձէն անմիջապէս ետք Վեհափառ Հայրապետը արտասանեց իր օրհնութեան խօսքը։ Ան ըսաւ. «Հայրապետական գահակալութեան 31-րդ տարեդարձին առիթով, առաջին հերթին, կ՚ուզեմ փառք ու գոհութիւն տալ Աստուծոյ, որ անցնող երեսունմէկ տարիներուն, իբրեւ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եղաւ ինծի առաջնորդ։ Ինք առաջնորդեց զիս այն ճամբուն վրայ, որ մեր Եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար մեր Սուրբ Աթոռին ծառայութեան ու առաքելութեան ճամբան էր։ Աստուծոյ օրհնութեամբ լիցքաւորուած, Անոր ներկայութեամբ հաւատքս ամրացած եւ կեանքս Անոր սիրով ու յոյսով շաղախած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը փորձեցի կենսագործել մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս»։
Հայրապետը ընդգծեց, որ կաթողիկոսը առանձին չի գործեր, այլ ան ծառայական առաքելութեան լծուած է որպէս սրբազան աստուածատուր առաքելութիւն, իր շուրջը ունենալով միաբան հայրեր, թեմակալ առաջնորդներ, ժողովականներ, բարերարներ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներ։ Ուստի, «հաւաքական է այս Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը, եւ այդ հաւաքական առաքելութեան մասնակից ենք բոլորս», ընդգծեց ան՝ նշելով, որ հայրապետական գահակալութեան անցնող 31 տարիներու արժեւորումը մեր ժողովուրդին պարտաւորութիւնն է, այդ գծով ժողովուրդը ի՛նք այդ արժեւորումը կատարելու հրաւիրուած է՝ վեր առնելով նուաճումները եւ մատնանշելով թերութիւնները։
Շարունակելով՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ ներկայիս, մեր կեանքը, Հայաստանի թէ՛ Սփիւռքի մէջ, կը գտնուի ամէնէն ճակատագրական մէկ հանգրուանի եւ յատկապէս մեր Սուրբ Աթոռը, իր շուրջ ունենալով քաղաքական, կուսակցական, մշակութային, բարեսիրական բոլոր կառոյցները, կոչուած է վերատեսութեան ենթարկելու ինքզինք, ինքնաքննական մօտեցումով եւ իրապաշտ ոգիով, տեսնելու համար թէ ո՛ւր ենք եւ ինչպէ՛ս պէտք է մեր ժողովուրդը, հայրենիքը եւ ազգը առաջնորդենք։ «Հետեւաբար, այս վճռական հանգրուանին մեր կեանքի, առաւել քան երբեք, այս Սուրբ Աթոռին դերակատարութիւնը պէտք է շեշտաւորուի, առաջնորդութիւնը պէտք է աւելիով ընդգծուի, որովհետեւ անոր առաքելութիւնը միշտ եղած է, եւ աւելիո՛վ պիտի ըլլա,յ ո՛չ միայն համասփիւռքեան՝ այլեւ համազգային. եւ այս Սուրբ Աթոռին առաքելութեան մաս կը կազմեն, եւ պէտք է կազմեն, մեր բոլոր կառոյցները, ժողովուրդին զաւակները, որովհետեւ ինչ որ կը կատարուի մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ, Աստուծոյ օրհնութեամբ կատարած ենք եւ պիտի կատարենք՝ հայրենիքին համար, մեր բոլոր գաղութներուն, մեր մշակոյթին եւ մեր պահանջատիրութեան համար։ Համապարփակ է եւ ամբողջական այս Աթոռին առաքելութիւնը», շեշտեց Հայրապետը։
Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապեը ըսաւ, որ սոյն տարեդարձը առիթ է Աստուծոյ գոհութիւն տալու, ինչպէս նաեւ ջերմ շնորհակալութիւն ու բարձր գնահատանք յայտնելու միաբան հայրերուն, թեմի կառոյցներու ծառայութեան լծուած սպասաւորներուն, բարերարներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին առաքելութեան եւ գործնապէս մասնակից կը դառնան այդ առաքելութեան կենսագործման ու իրագործման. «Այս տարեդարձը հրաւէր մըն է, ինձմէ սկսեալ, մեր բոլորին՝ մեր Միաբանութեան, թեմերուն, կառոյցներուն, յատկապէս այս օրերուն՝ մեր կեանքի այս ճակատագրական օրերուն, վերանորոգ հաւատքով, ամբողջական նուիրումով եւ անմնացորդ ծառայութեամբ, մեր առաքելութիւնը շարունակելու. առաքելութիւն մը, որ իր մէջ պէտք է միշտ ներառէ մեր ազգը, հայրենիքը եւ բոլոր գաղութները»։ «Թող Աստուած օրհնէ մեր առաքելութիւնը, պահապան ու պաշտպան ըլլայ մեր ազգի զաւակներուն եւ ամուր ու անսասան պահէ մեր հայրենիքը», եզրափակեց Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը իր պատգամը։
Կիլիկեան հայոց Հայրապետին գահակալութեան 31-րդ տարեդարձի տօնախմբութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայրապետական Մաղթանքի երգեցողութեամբ եւ Հայրապետին արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով։ Ապա, ներկաները աջահամբոյրով շնորհաւորեցին Հայրապետին տարեդարձը։

.jpeg)
