image

«Կ'ուզեմ գիտնալ՝ ինչո՞ւ զոհուեցաւ դուստրս...». Ճէսիքա Պէզճեանի պատմութիւնը

«Կ'ուզեմ գիտնալ՝ ինչո՞ւ զոհուեցաւ դուստրս...». Ճէսիքա Պէզճեանի պատմութիւնը

Օգոստոս 4-ը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի համար դարձաւ ողբերգական թուական մը: Անցեալ տարի այդ թուականին ահասարսուռ պայթում մը ցնցեց ամբողջ Լիբանանը, որուն հետեւանքով զոհ գացին 200-է աւելէ քաղաքացիներ, եւ արձանագրուեցան 5000 վիրաւորներ։ 

Պայթումը նաեւ արձանագրեց նիւթական հսկայ վնասներ. շէնքեր փլատակ եղան, մօտաւորապէս 600 հայ ընտանիքի բնակարանները վնասուեցան:

Օրին  «Արեւելք»    լուսաբանեց աղէտը: Լիբանանահայութիւնը ունեցաւ 15 զոհ եւ 250 տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած վիրաւորներ: 

Հայ զոհերուն կարգին էր 22-ամեայ Ճէսիքա Պէզճեանը: Ան  Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի շրջանաւարտներէն էր: Երկու տարի առաջ աւարտած էր Պելմոնթ համալսարանը որպէս հիւանդապահուհի եւ կը պատրաստուէր մագիստրոսի աստիճանին: Պայթումի ատեն ան կը գտնուէր իր աշխատավայրը՝ Պէյրութի յունական հիւանդանոցը, որ շատ մօտ է նաւահանգիստին, այլ խօսքով՝  շատ մօտ  պայթումի վայրին։ 

Ճէսիքայի ծնողքը զրուցելով «Ալ Նահար»-ին հետ՝ պատմեցին երիտասարդ Ճէսիքայի ու անոր կորուստին պատճառած խոր ցաւին մասին:

«Ճէսիքան եռանդուն աղջիկ մըն էր, ամէն կիրակի  ան  տարբեր  խաղիկներով  կը փորձէր  ուրախացնել մեզ։  Եւ այսօր ալ  ան միշտ ներկայ է մեր մէջ: Ան կը սիրէր մարդոց օգնել, եւ այդ պատճառով ալ  որոշած էր հիւանդապահուհի  դառնալ։

Պայթումին առաւօտը  հերթականին պէս ան գացած էր գործին: Երբ լսեցինք աղմուկը, ես կ'աղօթէի, նախազգացում մը ունեցայ որ աղջիկս զիս կը կանչէ: Զանգեցի, բայց չպատասխանեց: Ամուսինս՝ Ճորճը, եւ միւս աղջիկս՝ Ռոզալինը, արագ գացին աշխատավայրը՝ հիւանդանոց: Ես տունը մնացի, բայց անհամբերութեան պատճառով չկրցայ սպասել, ես ալ հասայ հիւանդանոց: Մինչ այդ, ամուսինս ու աղջիկս գտած էին Ճէսիքան շտապ օգնութեան բաժինը, բժիշկները փորձած էին փրկել զինք, բայց չէին յաջողած: Ճէսիքան հրեշտակի պէս քնացած էր, հակառակ վէրքերուն, դէմքը մնացած էր անարատ: Երբ արթնցայ ինքզինքս տունս գտայ:

Երկու շաբաթ առաջ այցելեցի Ճէսիքայի հիւանդանոցը, այնտեղ պատմեցին ինծի, որ Ճէսիքան պայթումին օրը, հիւանդանոցի նախասրահը, իր աշխատանքային մուտքը արձանագրած ատեն, յանկարծ  ամբողջ  առաստաղը փլած է իր վրայ: Կռնակը լման կտրուած է, արիւնոտած ուսապարկը պահած եմ տակաւին: 

Այն, ինչ որ Ճէսիքային կը պատկանէր, պահած եմ ինչպէս որ է. հագուստները, հեռաձայնը, սենեակը: Նոյնիսկ իր հեռախօսահամարին վճարումը ամէն ամիս կ'ընեմ: Ցաւը օրըստօրէ աւելի կը զօրանայ: 

Ոճրագործները ոչ միայն աղջիկս սպաննեցին, այլ  մեր ամբողջ ընտանիքը։

Ա՛լ կեանք չմնաց մեզի համար, միայն՝ կսկիծ ու տխրութիւն: Դեռ մինչեւ հիմա չեմ հաւատար, փողոցի ինքնաշարժներուն մէջ կը նայիմ, թերեւս աղջիկս տեսնեմ: Եթէ պատահի տունը մինակ ըլլամ, կը խօսիմ իր հետ, կը կանչեմ զինք՝ Ճեսսի եկուր ճաշը պատրաստ է:

Կը սպասենք, որ արդարութիւնը ի վերջոյ տիրէ: Մեր գործիչներուն անձեռնմխելիութիւնը աղջկաս արիւնը չ'արժեր: Լիբանանի արդարադատութիւնը պէտք է կագնեցնէ արդարութիւնը, ապա ուրեմն ո՞ւր հասած ենք մենք: Ես իմ իրաւունքս կը պահանջեմ՝ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը: Ճը: Ամէն օր կ'անիծեմ այս պայթումի պատասխանատուները: Ինչո՞ւ պատժեցին զիս, ինչո՞ւ պէտք է լամ աղջկաս կորուստը, որովհետեւ օրինակելի քաղաքացի՞ էի:

Մենք միշտ սիրած ենք մեր Պէյրութը, բայց հիմա իրենց (ի նկատի ունի երկրի քաղաքական գործիչները) պատճառաւ՝ ոչ: Այն Պէյրութը, ուր մեծցած ենք ու զայն ճանչցած ենք, ա՛լ չկայ, քանդեցին: Ժողովուրդը այլեւս կ'ուզէ ձգել հեռանալ: Ճէսիքան ալ կը մտածէր գաղթելու մասին: Հանած էր լիբանանեան ու հայկական անձնագիրները: Հիմա չեմ փափաքիր, որ երկրորդ աղջիկս հոս ապրի այլեւս:

Մեզի տեղեկացուցին, որ Ճէսիքան աշխարհի ամենաերիտասարդ հիւանդապահուհին էր, որ զոհ գացած է: 22 տարեկան էր, տարեդարձն ալ մօտ էր, ամէն օր կը հարցնէր՝ ի՞նչ անակնկալ պիտի պատրաստես, մամա՛, չէի գիտեր, որ տարեդարձը գերեզմանոցին մէջ պիտի նշենք: Օգոստոսին պիտի ընեմ իր առաջին տարեդարձը երկինք բարձրանալուն: 

Ամէն գիշեր կը համբուրեմ աղջկաս նկարը ու կը խնդրեմ իրմէ, որ այցելէ երազիս մէջ:

Աստուած արքայութեան արժանացնէ քեզ, աղջի՛կս, սպասէ՛ մեզի, պիտի գանք քովդ: Շատ կարօտցած եմ քեզի: Շատ կը սիրեմ քեզ: Կը ներես, որ չկրցայ...

 

Նիւթը ՝«Ալ Նահար»-էն