Լիբանանահայ համայնքային գործիչ Սեմ Րագուպեան անցուցած է ծանր արկած մը եւ ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին ներքոյ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Րագուպեան աշխատանքի վայրին մէջ սայթաքած է, եւ ստանալով մի քանի կոտրուածքներ փոխադրուած է հիւանդանոց համապատասխան բուժումներ ստանալու համար։
Պրն. Րագուպեանի վիճակը ներկայիս կը գնահատուի՝ բաւարար եւ ան որոշ ժամանակ մը պիտի շարունակէ մնալ բժիշկներու խնամքին ներքոյ։
Մեր ընթերցող հանրութեան յիշեցնենք, որ լիբանանահայ գաղութին մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցող անձնաւորութիւն է Րագուպեան։
Մշկաութային ոլորտէն («Դիտակ» ամսագրի հիմնումով), մինչեւ առողջապահական ոլորտ («Սէն Մարք» տարրալուծարանի հիմնումով եւ համալիբանանեան կտրուածքով այդ հիմնարկի մեծ յաջողութեամբ) Րագուպեան միշտ ալ ներկայութիւն եղած է հայագաղութին մէջ։
Հայաստանի հետ կապեր, լիբանանահայ համայնքային կեանքի բարելաւում ու նաեւ նեցուկ անապահով խաւերուն, այս եղած են Րագուպեանի հիմնարար նշանաբանները, որուն դիմաց ալ ան յաջողած է տիրանալ համայնքային շրջանակներու մեծ յարգանքին։
Նոյնը կարելի է ըսել Հայաստանի առընթեր, որովհետեւ Րագուպեան իր կողքին եղող խումբ մը նուիրեալ հայորդիներու օգնութեամբ կարողացած է կամուրջ հանդիսանալ Երեւանի եւ Պէյրութի միջեւ, այդպիսով ալ հիւրընկալով հայրենի կեանքին մէջ ազդու դեր ունեցած մտաւորականներն ու մշակոյթի նուիրեալները։
Մեր կարգին բարի ապաքինում կը մաղթենք Պրն. Րագուպեանին, մաղթելով, որ ան շուտով կը վերադառնայ իր նախկին գործունէութեան եւ եռանդին։