Դպրոցական կեանքը միայն դասարաններու եւ դասագիրքերու աշխարհը չէ, այլ նաեւ այն գեղեցիկ պահերուն ամբողջութիւնը, որոնք մանկութեան յիշողութիւնները կը դարձնեն անմոռանալի։ Այդպիսի ջերմ ու հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ վարժարանի նախակրթարանին մէջ, ուր փոքրիկները միասին ապրեցան սիրով ու խանդավառութեամբ լեցուն «Սաժի Օր» (Լաւաշ հացի նման) մը։
Ստորեւ այդ գեղեցիկ միջոցառման մասին վարժարանի էջով տրուած լուրը՝
Նախակրթարանի մեր աշակերտները վայելեցին հիանալի եւ անուշաբոյր «Սաժի Օր» մը: Օգտագործելով աշակերտներուն հայթայթած բաղադրիչները, մեր հոգատար ուսուցիչներն ու հսկիչները պատրաստեցին man'oushe-ներ՝ ծոթրինով, պանիրով եւ շոքոլայով հացեր ու տաք-տաք հրամցուցին փոքրիկներուն։
Բոլորը միասին վայելեցին զանոնք խանդավառ, ջերմ ու ընկերական մթնոլորտի մը մէջ: Կայացածը իսկական համախմբումի, բաժնեկցութեան եւ հաճոյքի պահ մըն էր մեր վարժարանէն ներս:
Շնորհակալութիւն մեր ուսուցիչներուն, որոնք ամէն վայրկեան կը մտածեն մեր փոքրիկներուն ժպիտներուն մասին։







