image

Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն կը զանգեն Արցախի բնակիչներուն. Արցախի ԱԱԾ

Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն կը զանգեն Արցախի բնակիչներուն. Արցախի ԱԱԾ

 

Վերջին օրերուն, ԱՀ ԱԱԾ կոչէն ետք, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մօտ գրանցուած են Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ Հանրապետութիւններու քաղաքացիներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն ուղղուած հեռախօսազանգերու դէպքեր։ Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի ԱԱԾ-էն:

«Արցախի ԱԱԾ-ն եւս մէկ անգամ կոչ է անում բացառապէս զերծ մնալ նմանատիպ կասկածելի հեռախօսազանգերին պատասխանելուց եւ անմիջապէս դիմել ԱՀ ԱԱԾ։

Միաժամանակ յորդորում են զերծ մնալ ապազգային գործելաոճից, չշահարկել ու բաց հարթակներում քննարկման առարկայ չդարձնել այդօրինակ լուրերը, որոնց նպատակը Արցախի բնակչութեան մէջ վախի ու ապագայի հանդէպ անորոշ մթնոլորտի ստեղծումն է»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: