Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար՝ Սուլէյման Սոյլուն պարբերաբար օգտագործած է մասնաւոր ինքնաթիռ, որ կը պատկանէր ամերիկացի գործարարի մը, որ կը մեղադրուի փողերու լուացման զանգուածային ծրագիրը ղեկավարելու մէջ, հաղորդած է Ahval-ը՝ վկայակոչելով Cumhuriyet- ի սիւնակագիր Թունճայ Մոլավեյեսօղլուին:
«Աղբիւրները, որոնց հետ ես խօսած եմ, կ'ենթադրեն, որ Սոյլուն օգտագործած է Սեզկին Պարան Քորքմազի ինքնաթիռը, յատկապէս՝ ընտրութիւններու ժամանակ»,- ըսած է Մոլլավեյեսօղլուն: Քորքմազ ձերբակալուած է Աւստրիա ամերիկեան իշխանութիւններու պահանջով: Ան մեղադրուած է աւելի քան 500 միլիոն ԱՄՆ տոլարի ծրագրի եկամուտներու լուացման մէջ:
Թրքական իշխանութիւնները նաեւ կը ձգտին Քորքմազի արտայանձնման գործի կապակցութեամբ, որով 133 միլիոն տոլար անցած է Թուրքիոյ եւ Լուքսամպուրկի գործարարի կողմէ վերահսկուող դրամատնային հաշիւներով: Ըստ ԱՄՆ-ի դատախազութեան՝ Քորքմազ այդ գումարը օգտագործած է անձնական շքեղ ապրելակերպի համար: