image

10 տարի առանց Փօլի. Այսօր սփիւռքահայ աստղ՝ Փօլ Պաղտատլեանի յիշատակի օրն է (Տեսանիւթ)

10 տարի  առանց Փօլի. Այսօր  սփիւռքահայ աստղ՝  Փօլ Պաղտատլեանի յիշատակի օրն է (Տեսանիւթ)

10  տարի առաջ այս օրը Միացեալ Նահանգներու մէջ  կը մահանար սփիւռքահայ անուանի  երգիչ՝ Փօլ Պաղտատլեան

Փօլ ծնած  էր 1953 թուականին, Հալէպի մէջ: Մանուկ տարիքին կը կորսնցնէ իր մայրը եւ 70-ականներուն կը փոխադրուի  Պէյրութ:  Պաղտատլեանի կեանքին մէջ  կարեւոր փուլ մը սկիզբ կ'առնէ, երբ կը ծանօթանայ երգիչ՝ Յարութ Փամպուքճեանին  հետ: Այնուհետեւ   Պէյրութի մէջ հանդէս կու գայ տասնեակ երգահանդէսներով, մինչեւ իր Լոս Անճելըս փոխադրուիլը՝ 1977-ին

 Սփիւռքահայ երգարուեստի մէջ   իր յատուկ    ոճով   եւ ձայնային կարողութիւններով Փօլ կը դառնայ     սիրուած եւ ճանչցուած  երգիչ մը:   Կը համագործակցի  ամերիկահայ   անուանի երգիչներու   հետ  եւ  կը  հրապարակէ   ազգային, աշուղական, սիրային եւ գաւառական երգացաներով հարուստ   տասնեակ սկաւառակներ:    Քիչ  չեն եղած   զինք քննադատողները,  առարկելով, թէ Փօլ ռապիզ երգի  ներկայացուցիչ է, բայց հակառակ բոլոր  կարծիքներուն,  ան  իր գրաւիչ ձայնով ճանաչելի   դարձած է։

Փօլի  երգերը    լայն տարածում գտան ոչ միայն  Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ (յատկապէս   Սուրիոյ եւ Լիբանանի  մէջ),    այլ նաեւ  հայրենիք՝  Հայաստանի   մէջ  ու  ցայսօր ալ    անոր երգերը  տարածուած են:  

 Փօլի իւրայատկութիւնը նաեւ  այն էր, որ  ան   շատ  առիթներով    տուեալ  յայտագրի կամ երգահանդէսի  «ճշդուած» յայտագրէն  դուրս գալով  եւ  ոգեւորուելով ներկաներու    հաղորդած   տաք շունչէն ու ոգիէն  հանդէս  կու գար   յատուկ կատարումներով, զարմացնելով, ոչ  միայն          իր նուագախումբի  անդամները, այլ    երգահանդէսին ներկայ  եղող  հազարաւոր  ունկնդիրները։

Ուշագրաւ էր  նաեւ,  որ  ազգային միասնութեան    հաւատացող  ու այդ միասնութեան  համար   երգ ու շունչ  չխնայող  Փօլ  Պաղտատլեան  հաւատարիմ մնաց  արաբ   ժողովուրդին,    եւ տարբեր առիթներով ալ   երգեց ու երգեր մատուցեց  ի պատիւ հայ ժողովուրդը մահէն ու գեհէնէն     ազատած    Սուրիոյ եւ Լիբանանի  հիւրընկալ   բոլոր արաբներուն։

Փօլ Պաղտատլեան, որուն  մեծ երազն էր միասնական  եւ ուժեղ  տեսնել հայ  ժողովուրդը, իր աչքերը  յաւերժին  փակեց    28  յունիս  2011-ին   Լոս  Անճելըսի մէջ։

Անոր  վերջին  հրաժեշտի  արարողութիւնը   կատարուեցաւ  համագաղութային մակարդակով, ի ներկայութիւն ամերիկահայ   աստղերու,   գործիչներու եւ կրօնական դասու  բարձրաստիճան     կղերականներու։ 

Փօլն  անմահ է, այնքան ատեն, որ կը շարունակուին  անոր երգերը  ու այնքան  ատեն, որ անոր  ձայնը կը  լսուի    սփիւռքի   բոլոր  ծագերէն,  հասնելով մինչեւ  մեր երկիր Հայաստան։