Ատրպէյճանի ՊՆ-ն կը յայտնէ, որ վարժանքներու ընթացքին Նախիջեւանի Գերագոյն մեճլիսի նախագահ Վասիֆ Թալիպովը հանդիպած է Թուրքիոյ մէջ Bayraktar TB2 ԱԹՍ-ներու դասընթացներ անցած սպայական ու ենթասպայական անձնակազմի հետ։
«Ռազմինֆօ»ն նաեւ գրած է, որ դատելով բաց աղբիւրներու եւ արբանեակային լուսանկարներու վերլուծութենէն, Նախիջեւանի միջազգային օդակայանի հարեւանութեամբ տեղակայուած օդակայանը արդէն իսկ կը շահագործուէր ու աւարտուն վիճակի մէջ էր նախքան 2020 թուականի պատերազմը։
Ընդհանուր առմամբ կառուցուած է ուղղաթիռներու եւ օդանաւերու պահպանման համար 8 սրահ, կայանատեղիներ, օժանդակ շինութիւններ, վերակառուցուած է մէկ թռիչքուղի, իսկ 10 Մայիս 2021-ին օդակայանի բացման արարողութիւնը պայմանաւորուած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցով։





