image

«Արեւելք լրատուական». Մեր մասին

Կայքի յառաջիկայ  նպատակներուն  մէջ   կը  մտնէ  արեւմտահայ, պոլսահայ,  զմիւռնահայ եւ արեւելահայ նախանցեալ դարավերջի եւ անցեալ դարասկզբի մամուլի ուսումնասիրութիւնը եւ այդ տարիներու  հայութեան կեանքի չլուսաբանուած կողմերու հրապարակումը՝ հայատառ հնատիպ մամուլին  մէջ հայ հասարակական, քաղաքական միտքը վերլուծելու միջոցով:

Հայաստանի  մէջ,  2015-ին հիմնուած «Արեւելք լրատուական» կայքը, անցնող հինգ տարիներու  ընթացքին  բաւական աշխատանք  տարաւ Հայաստան-Սփիւռք կապերը լրատւութեան միջոցով ներկայացնելու, սփիւռքահայերուն Հայաստանի մասին  անհրաժեշտ տեղեկատւութիւն մատուցելու եւ սփիւռքի կարեւորագոյն եւ հրատապ թեմաները Հայաստանի  մէջ  պատշաճօրէն հրապարակելու ուղղութեամբ: 

Կայքը նաեւ լրատւութեան, հարցազրոյցներու, ակնարկներու եւ այլ նիւթերու միջոցով  կը  տարածէ  արեւմտահայոց ժառանգութիւնը, աւանդոյթները եւ նպատակ ունի յետագային ալ  շարունակել իր այդ  ուղղութիւնը։  

Նպատակներուն մէջ է նաեւ հայրենադարձութեան մասին նիւթեր հրապարակելը, հայրենադարձութեան լաւ ու վատ կողմերը ի ցոյց տալը եւ նիւթերու, հարցազրոյցներու, լրատւութեան միջոցով արտասահման ապրող հայերու  վերադարձը խթանելը, անոնց  ներուժը  Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան, արուեստի եւ այլ ասպարէզներու մէջ  օգտագործելուն ուղղուած գաղափարախօսութիւն տարածելը:

«Արեւելք լրատուական»-ը մեծ ուշադրութիւն  կը   դարձնէ  յատկապէս արեւմտահայերէնով առօրեայ  ու պարզ լուրեր մատուցելուն՝ սպառող լրատւութեան միջոցով հայերէնի այդ ճիւղը դարձնելով ապրող: 