Աննախադէպ զարգացումով մը խումբ մը ցուցարարներ ներխուժած են Պէյրութի Համրա թաղամասին մէջ գտնուող «Լիբանանեան- զուիցերական» դրամատան մասնաճիւղը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Էլ.Պի. Սի. Այ.» կայանէն
Աւելի ուշ պարզուած է, որ ցուցարարները անդամ են «Պանին» անունով բարեսիրական միութեան մը, որուն անդամները մեղադրած են նշեալ դրամատան տնօրէնութիւնը, իրենց ունեցած գումարները կալանքի տակ պահելու յանցանքով։
Ցուցարարները կարողացած են նեղ կացութեան մատնել դրամատան պահակները ու ապա դրամատուն մուտք գործելով անոր արխիւներն ու թուղթերը թափած են դէպի փողոց։
Ըստ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանին, ապահովական ուժերու միջնորդութեամբ դրամատունը համաձայնած է այդ միութեան վերադարձնել 200.000 ԱՄՆ տոլարի հասնող գումարը, որ ըստ իրենց միութեան ուղարկուած էր արտասահմանեան բարեսիրական կազմակերպութեանց միջոցաւ։
Լրատուական աղբիւրներ, վերլուծելով եղած դէպքը, խոր մտահոգութիւն յայտնած են ու նշած, որ եղածը կրնայ դուռ բանալ շատ աւելի վտանգաւոր եւ աննախադէպ պատահարներու, տրուած ըլլալով, որ լիբանանցիներու մեծ տոկոսին խնայողութիւնները կը շարունակեն «գերի» մնալ դրամատուներուն ձեռքը։