Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան 2016-ի Ապրիլին Միացեալ Նահանգներու մէջ բացաւ ամէնէն մեծ մզկիթներէն մէկը: Անիկա պաշտօնապէս կը կոչուի Ամերիկայի «Տիյանեթ» կեդրոն, հսկայական համալիր մը, որ մօտաւորապէս եօթը հեքթար տարածութիւն կը զբաղեցնէ Մերիլենտի Լենհեմ շրջանին մէջ, մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն 24 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։
Թուրքիոյ կրօնական հարցերով վարչութիւնը («Տիյանեթ») 110 միլիոն տոլար վճարեց Ամերիկայի «Տիյանեթ» կեդրոնի շինարարութեան ծախսերը հոգալու համար: Կեդրոնը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած է իբրեւ ոչ առեւտրական կազմակերպութիւն, ըստ վերջին հարկային յայտարարագրին, ունի 93 միլիոն տոլարի ունեցուածք:
Այս Կեդրոնը կապուած է նախագահ Էրտողանի եւ վերջինիս՝ «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութեան (AKP): Կեդրոնի կայքէջին մէջ նշուած է, որ անիկա «կ՛աշխատի լիովին համակարգուած՝ Թուրքիոյ կրօնական հարցերու (վարչութեան) («Տիյանեթ»ի) հետ», որ նիւթական հսկայական ներդրում կը ստանայ թրքական կառավարութենէն` «Ներկայացուցչական եւ խթանման ծախսեր» վերնագրով, որ ինքնին տարօրինակ դասակարգում մըն է կրօնական հաստատութեան մը համար: «Տիյանեթ»ի տարեկան պիւտճէն կը կազմէ երկու միլիառ տոլար՝ գերազանցելով թրքական նախարարութիւններու մեծ մասին պիւտճէն: Կառոյցը պետական պաշտօնական հիմնարկ մըն է, որ ամբողջ երկրի տարածքին կ՛առաջնորդէ 85 հազար մզկիթ, իսկ արտասահմանի մէջ աւելի քան 2000 մզկիթ: Այս կեդրոնը կը պատրաստէ շաբաթական քարոզ, զոր պէտք է իմամները կարդան Թուրքիոյ ներսը եւ անկէ դուրս գտնուող բոլոր մզկիթներու մէջ: Անիկա թուրք հասարակութեան կը պարտադրէ տարօրինակ գործելակերպեր, օրինակ՝ «շուները տունը կերակրելու, արեւմտեան Նոր տարին նշելու, վիճակախաղերու ու դաջուածքներու» արգելքները։ Կառավարութեան հետախուզական ծառայութիւնները «Տիյանեթ»ի իմամներուն կը յանձնարարեն՝ վերահսկել կիւլենեան շարժման եւ PKK-ի (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն) անդամներու գործունէութիւնը: Գործակալութիւնը ստեղծած է «Տիյանեթ»ի բազմաթիւ մզկիթներ կամ դաշտային գրասենեակներ այնպիսի երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Աւստրալիա, Պելճիքա, Գանատա, Դանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Հոլանտա, Շուէտ, Միացեալ Թագաւորութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ:
Թրքական ոստիկանութեան նախկին բարձրաստիճան սպայ Ահմեթ Եայլայի խօսքերով՝ «Տիյանեթ» այժմ ունի հազարաւոր յարակից մզկիթներ, տասնեակ դպրոցներ եւ պաշտօնական խորհրդականներ, որոնք նշանակուած են 52 երկիրներու մէջ: Նաեւ ունի «հաւատքի կցորդներ» աշխարհի 38 տարածաշրջաններու մէջ: «Տիյանեթ» կ՛ապահովէ կրօնի նկատմամբ թրքական վարչակարգի մենաշնորհը եւ դարձած է պետութեան քարոզչական ջանքերուն բարձրախօսը:
Էտըմ Սմիթ իր՝ «Էրտողանը, «Տիյանեթ»ը եւ անոր դաշտային գրասենեակը» վերնագրով յօդուածին մէջ, որ հրապարակուած է «Փրավիտընս» (Providence) ամսագրին մէջ, գրած է․ «Արեւմուտքի մէջ «Տիյանեթ»ի հիմնարկները կ՛աշխատին Անգարայի աջակցութիւնը վայելող իսլամիստական այլ շարժումներու վստահուած մարդոց եւ կողմնակիցներու հետ, ինչպէս, օրինակ՝ Եգիպտոսի մահմետական եղբայրները․․․: «Տիյանեթ» նաեւ իր գործընկերներէն եւ ծխականներէն կը պահանջէ լիակատար աջակցութիւն Էրտողանի եւ կը քարոզէ այն միտքը, որ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան բոլոր հակառակորդները «դաւաճաններ» են: Եւրոպական կառավարութիւնները նկատած են «Տիյանեթ»ի ջանքերը եւրոպական քաղաքացիներու շրջանակին մէջ՝ ուղղուած Անգարայի հանդէպ հաւատարմութիւն ձեւաւորելուն, զուգահեռ ընթացքով մը՝ արեւմտեան պաշտօնեաներու կողմէ «Տիյանեթ»ի եւ AKP-ի ջանքերու քննադատութեան, Թուրքիայէն դուրս «իրենց մզկիթներուն մէջ քաղաքական քարոզչութիւն իրականացնելու» համար:
Սմիթի խօսքերով՝ «Կեդրոնը «Տիյանեթ»ի 28 այլ մասնաճիւղերու ղեկավարն է ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Այս 28 մասնաճիւղերէն իւրաքանչիւրը ունի նախագահ, որ անմնացորդ հաւատարիմ է Էրտողանի եւ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան»:
Սմիթի կարծիքով՝ «Կեդրոնին պէտք է պարտադրուի արձանագրուիլ համաձայն՝ օտարերկրացի գործակալներու սահմանափակման գործողութեան, որ կը կարգաւորէ ամերիկեան հողի վրայ գործող օտար պետութիւններու գործակալներուն ազդեցութիւնը: Թրքական «Տիյանեթ»ի պաշտօնեաները եւ իմամները Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛աշխատին յանուն մէկ այլ կառավարութեան եւ յառաջ կը մղեն վերջինիս շահերը՝ առանց արձանագրուելու իբրեւ օտար գործակալներ․․․․»։ Անոնք «եռանդով հաւատարմութեան երդում կու տան «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան․․․: Ամբողջ Ամերիկայի մէջ այս գործակալները հետեւողականօրէն կը քարոզեն Էրտողանի օրակարգին ի նպաստ եւ նպատակ ունին կեանքի կոչելու թրքական վարչակարգի շահերը։ Ասկէ բացի, Կեդրոնին պաշտօնեաները աւելի ու աւելի կը ներգրաւուին ամերիկեան բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներու հետ գործընկերութեան եւ անոնց վրայ ազդելու ջանքերուն մէջ: Էրտողան խոստովանած է նման քարոզչութիւն մը, նոյնիսկ պահ մը պնդելով ամերիկեան իսլամիստ հանդիսատեսի առջեւ, որ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան վարչակարգը ուղղակիօրէն աջակցած է Ամերիկայի մէջ մահմետականները ընտրելու ջանքերուն»:
Աւելին. Սմիթ յայտարարած է, որ «թրքական հասարակական այլ կազմակերպութիւններ եւ իսլամիստ «վստահուած» տարբեր մարդիկ նոյնպէս մեծ դեր կը խաղան: Օրինակ՝ Էրտողանի գործակալները, ըստ հաղորդումներու, ստեղծած են «քողարկուած պատեան» կազմակերպութիւններ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ «առանց հարցերու գումարներ փոխանցելու» համար ճամբայ ստեղծելու, քաղաքական գործիչներու լոպիինկ ընելու եւ գումար տեղափոխելու նպատակով: Ուիքիլիքսի փաստաթուղթերը բացայայտած են Միացեալ Նահանգներու թրքական վարչակարգի աշխատակից մը, որ կը նշէ. «այս տեսակի կառուցուածքով կը յաղթահարուին նիւթական ապահովութեան կարգն ու հարկային խոչընդոտները, որոնք կը սահմանափակեն լոպիիստական գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ»:
Սմիթ նաեւ յայտարարած է, որ «կան բազմաթիւ այլ ապացոյցեր՝ կապուած վարչակարգի եւ «Տիյանեթ»ի անօրէն գործունէութեան։ Օրինակ՝ վարչակարգի հետ կապուած եւ Միացեալ Նահանգներու հարկերէ ազատ բազմաթիւ հովանոց կազմակերպութիւններէն երկուքը՝ «Թրքական ժառանգութեան կազմակերպութիւնը» (THO) եւ «Թուրք-ամերիկեան ազգային ղեկավար կոմիտէն» (TASC) կը գտնուէին Հետախուզութիւններու դաշնակցային բիւրոյի (FBI) քննութեան տակ, եւ ելեկտրոնային նամակատան արտահոսքերը ցոյց կու տային, որ խումբը լրտեսական գործողութիւններ կ՛իրականացնէ Անգարայի համար: Այսուամենայնիւ, թրքական «վստահուած» բոլոր այս խումբերը կը շարունակեն գործել անպատիժ»:
Մենք ոչ մէկ հարց ունինք Միացեալ Նահանգներու մէջ իսլամական մզկիթներու կամ թրքական կեդրոններու հետ: Այսուամենայնիւ, եթէ ապացուցուի, որ այդ ոչ առեւտրական հաստատութիւնները Թուրքիոյ անունով իրաւամբ կը զբաղին քաղաքական գործունէութեամբ եւ լոպիինկով, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է որ իրաւական համապատասխան քայլերու ձեռնարկէ, որպէսզի ապահովէ անոնց գործունէութիւնը օրէնքով արտօնուած սահմաններու մէջ:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան