Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիներու համար նախատեսուած է ստեղծել հնարաւորութիւն՝ գաղտնիութեան պայմաններու տակ տեղեկութիւններ տրամադրելու անհետ կորսուած անձերու, ներառեալ՝ անոնց հաւանական թաղման վայրերու վերաբերեալ։
Ատրպէյճանական APA գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան պետի տեղակալ Շարաֆաթ Հասանով՝ Անհետ կորսուած անձանց միջազգային յանձնաժողովի (ICMP) հետ համագործակցութեան շրջածիրէն ներս կազմակերպուած «Անհետ կորսուած անձանց հարցի լուծման ժամանակակից մօտեցումները եւ համագործակցութեան ամրապնդումը» խորագիրով միջազգային համաժողովի ընթացքին։
Հասանովի համաձայն՝ ICMP-ի մշակած Անհետ կորսուած անձերու տուեալներու կառավարման համակարգը (IDMS) կարելիութիւն պիտի տայ մէկ միասնական հարթակի վրայ միաւորելու անհետ կորսուածներու վերաբերեալ առկայ տուեալներու շտեմարանները, ապահովելու համապատասխան պետական մարմիններու կողմէ տուեալներու միաժամանակեայ մուտքագրումն ու մշակումը, ինչպէս նաեւ արագցնելու տեղեկատուութեան ստացումն ու որոշումներու կայացման ընթացքը։
Ան նշած է, որ համակարգի տեղադրման եւ գործարկման նպատակով Յունիսի սկիզբը ICMP-ի երկու մասնագէտ ժամանած են Ատրպէյճան, ուր իրականացուցած են ծրագրային ապահովման տեղադրումն ու համապատասխան վերապատրաստումները։
Հասանովի համաձայն՝ համակարգը պիտի տեղակայուի Ատրպէյճանի մէջ գտնուող սպասարկիչներուն (սըրվըրներուն) վրայ, իսկ անոր հասանելիութիւն պիտի ունենան միայն համապատասխան վերապատրաստում անցած լիազօրուած աշխատակիցները։
Ան նաեւ շեշտած է, որ համակարգին միջոցով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիները պիտի կարենան գաղտնի տեղեկութիւններ տրամադրել անհետ կորսուած անձերու, ներառեալ՝ անոնց հաւանական թաղման վայրերու վերաբերեալ։ Անոր խօսքով՝ այդ տեղեկատուութիւնը պիտի օգտագործուի բացառապէս մարդասիրական նպատակներով, իսկ տեղեկութիւն տրամադրած անձերը որեւէ պարագայի պատասխանատուութեան պիտի չենթարկուին։ Հասանովի համաձայն՝ նախաձեռնութեան նպատակը անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրի պարզաբանման աջակցիլն է։