image
Հրատապ լուրեր:

«Խենթ»ին երազը 21-րդ դարուն (Սփիւռքեան դիտանկիւն)

«Խենթ»ին երազը 21-րդ դարուն (Սփիւռքեան դիտանկիւն)

«Սփիւռքը Հայաստանի մէջ չի քուեարկէր, բայց ուշադիր կը հետեւի որոշումներու որոնց իրեն առընչակից կը զգայ. Հայկական Պետութեան ապահովութիւնը, Արցախի ապագան, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները եւ պատմական յիշողութեան պահպանումը», կը գրէ Փապլօ Քենտիքեան, Պուէնոս Այրէսի ԱՐՄԵՆԻԱ թերթին խմբագիրը, արժանթինեան Փերֆիլ (Perfil) օրաթերթի Յունիս 6-ի համարին մէջ իր «Ընտրութիւններ Հայաստանի մէջ, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի հայեացքին ներքոյ» յօդուածի եզրակացութեան մէջ:

Իսկ եթէ քուէարկէ՞ր…

Նման հեռանկար չկայ այս ընտրութիւններէն յետոյ, ինչ ալ ըլլայ անոնց արդիւնքը: Բայց հեռաւոր ապագայի՞ մը…

Երբ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին եւ հասարակութեան մօտ վերջնականապէս չքացած ըլլան բոլոր այն անհեթեթ վախերն ու, թէկուզ եւ հասկնալի բայց ոչ արդարանալի վերապահումները, որոնք անկախութենէն անմիջապէս յետոյ պաղ ջուր լեցուցին Դէպի Երկիր վերադառնալով խանդավառ Սփիւռքի հատուածին վրայ,

Երբ քաղաքացիութեան օրէնքին մէջ վերցուած ըլլան բոլոր արգելքները, որոնք դրուած են Սփիւռքի մէջ ապրող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքը բացառելու համար,

Երբ Հայաստանի դեսպանատուները օժտուած ըլլան տեղւոյն հայ համայնքներուն մէջ Հայաստանի քաղաքացիներու քուէն ստանալու անհրաժեշտ մեքանիզմներով, որպէսզի անոնցմէ ոեւէ մէկը որ ընտրութիւններու մասնակցութեան յանձնառու է ստիպուած չըլլայ ճամբորդելու, եւ եթէ որեւէ պատճառով, նիւթական թէ այլ, չի կրնար ճամբորդել այնուամենայնիւ հաւաքական ճակատագրի որոշման մէջ մէկ քուէով մասնակցելու իրաւունքէն չզրկուի, 

Երբ սփիւռքահայերը Հայաստանի քաղաքացիութեան դիմեն գիտակից իրենց իրաւունքին եւ պարտաւորութիւններուն, ներառեալ հարկեր ու զինուորական ծառայութիւն, եւ ոչ թէ զգացական կամ շահադիտական հայրենասիրութեան մօտեցումով, 

Երբ Հայաստանի քաղաքական ուժերը հայրենիքի եւ ազգի ապագային համար աւելի մտահոգ ըլլան Սփիւռքի մէջ իրենց առաջարկներուն եւ ծրագիրներուն համակիրներ շահելով քան մեծապետական այս կամ այն ուժին զօրակցութեամբ,

Երբ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը Սփիւռքը ընկալէ որպէս ռազմավարական գործընկեր, փոխանակ ուրանալու, անտեսելու կամ պատեհապաշտօրէն զայն յիշելու,

Երբ համասփիւռքեան կառոյց եւ զօրաշարժի կարողականութիւն ունեցող կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնները ըլլան այնքան պայծառատես եւ տեսլականի տէր որ քով քովի գան հաւաքական իմաստաւորում մը տալու համար հայկական համաշխարհային ցանցին, փոխանակ անոր անունով Հայաստանի մէջ միջնորդական դերի մը հետամուտ ըլլալու,

Երբ Սփիւռքը ինքզինք արժեւորէ այնքան որ Հայաստանի պետական համակարգին մէջ սփիւռքեան համայնքներուն ձայնով եւ քուէով ներկայացուցչական հանգամանքի ստեղծումը ընկալուի անհրաժեշտ՝ հայաստանեան քաղաքական վերնախաւին կողմէ, եւ բացառէ Սփիւռքին երկրորդականացումը, անոր մանիպուլացումը կամ հատուածական խտրականացումը,

Երբ Սփիւռքի մէջ Հայաստանի քաղաքացին ընտրէ ոչ միայն Ազգային Ժողովին մէջ իր համակրած քաղաքական ուժին թեկնածուները, այլ անոնց կողքին, նաեւ՝ Օրէնսդիր Իշխանութեան ոլորտի մէջ, ձայնի եւ քուէի իրաւունք ունեցող իր ներկայացուցիչները…

Այն ատեն թերեւս Սփիւռքը միայն հետեւորդ չըլլայ, այլ՝ դերակատար համահայկական պատմական գործընթացի մը հաւաքական կերտումին, որ այսօր կը թուի Ութոփիա: 

Այնպէս ինչպէս էր Ռաֆֆիի հերոսին անկախ պետականութեան մը եւ Լուսաւորեալ հասարակութեան մը երազը 19-րդ դարուն

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...