image

Պեղումներու ժամանակ «Ամբերդ ամրոց»-ի մէջ յայտնաբերուած է Թամար թագուհիի մետաղադրամը

Պեղումներու ժամանակ «Ամբերդ ամրոց»-ի մէջ յայտնաբերուած է Թամար թագուհիի մետաղադրամը

Պեղումներու ընթացքին «Ամբերդ» ամրոցին մէջ յայտնաբերուած է Թամար թագուհիին մետաղադրամը, յայտնած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն։

Նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ «Ամբերդ ամրոց» պատմամշակութային արգելոցին մէջ իրականացուող վերականգնման եւ մաքրման աշխատանքներու ընթացքին, ամրոցին ներքին աշտարակաւոր պարիսպին արտաքին կողմը՝ կեդրոնական հատուածէն մօտ մէկ մեթր արեւելք, յայտնաբերուած է մարդկային կմախք։ Ոսկորներուն մօտ 90 առ հարիւրը պահպանուած է իրենց տեղը, չեն գտնուած միայն ձեռքի մատներու ոսկորները։ Ատամնաշարէն կարելի է ենթադրել, որ ան երիտասարդ անձ եղած է։

Մաքրման աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերուած են նաեւ միջնադարեան շրջանին գործածուած, ենթադրաբար ժամանցի համար ծառայած «տամա» խաղին (շաշկիին նման) պատկանող մասունքներ։

ԿԳՄՍ նախարարութիւնը կը նշէ, որ Ամբերդի մէջ մաքրման եւ պեղումներու աշխատանքները կը շարունակուին՝ բացայայտելով ամրոցին պատմութեան եւ կեանքին վերաբերող նոր մանրամասնութիւններ։