Օրերս Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Մանօ Հալլաճեանը։
Տեղի հայութեան յարգանքը վայելով Մանօ Հալլաճեան երկար տարիներու գործունէութիւն ծաւալած էր՝ հիմնադրելով արծաթեղէնով պատրաստուած սպասքի հանրայայտ գործարան մը, որ աւելի ուշ յայտնի դարձաւ այդ գործարանի ստեղծած «Ֆաթո Ա Մանօ» մակնիշով եւ տարածուեցաւ աշխարհով մէկ, յատկապէս Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ։
Լիբանանի մէջ երեւելի դարձած տնտեսական բարդ դրութեան հետեւանքով Տիար Հալլաճեան ստիպուած կ՚ըլլար գործել եւ ճանապարհ բանալ այլ ուղղութիւններով, մուտք գործելով բնակարանային ոլորտ եւ այնտեղ եւս գրանցելով փայլուն յաջողութիւններ։
Հակառակ յառաջացած տարիքին, հանգուցեալը միշտ ալ մնացած էր եռանդուն, դառնալով վառ եւ օրինակելի կերպար մը հայու աշխատասէր եւ նուիրեալ տեսակին։
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի անոր որդւոյն՝ Տիար Վահէ Հալլաճեանին եւ վերջինիս հարազատներուն ու օճախին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Վահէ Հալլաճեանի գրառումը իր հօր կորուստին առթիւ՝
Շնորհակալութիւն մեր սրտի խորքերէն բոլոր անոնց, որոնք այս դժուարին օրերուն իրենց, աղօթքներով, աջակցութեամբ եւ մխիթարական խօսքերով մեր կողքին եղան։ Ձեր կարեկցանքնը ու հոգատարութիւնը մեր ընտանիքին համար մխիթարութիւն եւ ուժ եղաւ:
Յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք ներկայ եղան հօրս յուղարկաւորութեան եւ իրենց յարգանքով ու սիրով պատուեցին անոր յիշատակը։
Աստուած օրհնէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը։
Թող հօրս եւ մօրս յիշատակը յաւերժ մնայ, եւ անոնք արդէն հիմա միասին են…
Աստուած օրհնէ բոլորդ
Սրտագին երախտագիտութեամբ՝
Վահէ Հալաճեան եւ ընտանիք