image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Ահմատ Ալ Շարըհ Իսրայէլին կոչ ըրած է դուրս բերելու զօրքերը

Նախագահ Ահմատ Ալ Շարըհ Իսրայէլին կոչ ըրած է դուրս բերելու զօրքերը

Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարըհ Իսրայէլի ղեկավարութեան կոչ ըրած է իր զօրքերը դուրս բերելու երկրի հարաւային բախարգելային (պուֆերային) գօտիէն ՝ իսրայէլեան զինուած ուժերուն կողմէ վերջերս կատարուած յարձակողական գործողութենէն ետք։ Այս մասին կը հաղորդէ The Associated Press լրատուական գործակալութիւնը։

ՄԱԿ-ի համաձայն՝ խօսքը մօտաւորապէս 235 քառակուսի քիլոմեթր տարածքէն իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերման մասին է։ Շարըհ նաեւ դատապարտած է այդ գօտիին մէջ իսրայէլեան ստորաբաժանումներու վերջին գործողութիւնները։

Յունիս 28-ին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած էր, որ Սուրիոյ հարաւային բախարգելային (պուֆերային)  գօտիին մէջ ոչնչացուցած է քանի մը զինուած ահաբեկիչ։ Իսրայէլեան զինուորականներու կատարած գործողութիւնը դիմադրութեան արժանացած է տեղւոյն բնակիչներու կողմէ։ Ապտի քաղաքի բնակիչները փակած են ճամբաները, իսկ անոնցմէ ոմանք քարեր նետած են իսրայէլեան ուժերու ուղղութեամբ։ Բախման հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան շարքերէն վիրաւորներ չեն եղած, սակայն բնակիչները լքած են շրջանը եւ, Յունիս 29-ի դրութեամբ, տակաւին տուն չէին վերադարձած՝ վախնալով իսրայէլեան ուժերու նոր ներխուժումներէ։

Աւելի վաղ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարած էր, որ երկիրը իր անվտանգութեան ապահովման հարցով սահմանային փոխզիջումներու պիտի չերթայ։ Անոր համաձայն՝ իսրայէլեան զինուած ուժերը մտադիր են պահպանել վերահսկողութիւնը Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կազայի հատուածին մէջ իրենց անվտանգութեան գօտիներուն վրայ։