image

Ապաքինման մաղթանք Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանին. սիրտը Մելգոնեանին հետ, թէեւ հեռու՝ Կիպրոսէն

Ապաքինման մաղթանք Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանին. սիրտը Մելգոնեանին հետ, թէեւ հեռու՝ Կիպրոսէն

Կեանքը երբեմն անակնկալ փորձութիւններ կը դնէ այն մարդոց առջեւ, որոնք տարիներ շարունակ իրենց ամբողջ էութեամբ կապուած մնացած են ազգային ու կրթական արժէքներուն։ Գերմանիոյ Հայոց Թեմական Խորհուրդի նախկին անդամ, նուիրեալ հայ եւ մտաւորական ընտանիքի արժանի զաւակ Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանը այդ դէմքերէն մէկն է։ Սօսէ եւ Վարուժան Պետիկեաններու որդին, որոնց երկարամեայ ծառայութիւնը Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ անջնջելի հետք ձգած է, Տօքթ. Պետիկեան նոյն հաւատարմութեամբ ապրած է ազգային սկզբունքներով եւ Մելգոնեանի հանդէպ ունեցած իր առանձնայատուկ կապով։

Սակայն անսպասելի դիպուած մը զինք հեռու պիտի պահէ մեր հայրենակիցը այն տօնակատարութիւններէն, որոնց մասնակցութիւնը իր համար միայն պարտաւորութիւն չէին, այլ նաեւ հոգեկան մեծ ուրախութիւն։ 

Ստորեւ կը ներկայացնենք դոկտ. Ռաֆֆի Պետիկեանի կատարած գրառումը։

Ուրբաթ, 29 Մայիսին, կնոջս հետ մեկնեցայ Թունիսի Մահտիա քաղաքը՝ արեւով, ծովափով եւ հանգիստով լի արձակուրդ մը վայելելու ակնկալութեամբ։

Դժբախտաբար, երեքշաբթի, 2 Յունիսին, սայթաքեցայ եւ ինկայ՝ կոտրելով ձախ ազդրս, օտար եւ անծանօթ երկրի մը մէջ՝ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ։

Չորեքշաբթի, 3 Յունիսին, Թունիսի մէջ յաջող վիրահատութեան ենթարկուեցայ, իսկ 10 Յունիսին ADAC-ի միջոցաւ փոխադրուեցայ Գերմանիա։

Ներկայիս ցաւեր չունիմ, սակայն շարժունակութեան լուրջ սահմանափակումներ ունիմ։ Այս պատճառով, մօտաւորապէս չորսէն ութ շաբաթ պիտի չկարենամ քալել եւ, հետեւաբար, առայժմ աշխատանքի անընդունակ կը համարուիմ։

 Այս բոլորը գրեցի ըսելու համար, որ ցաւօք, այս տարի պիտի չկարենամ մեկնիլ Կիպրոս եւ մասնակցիլ մեր սիրելի Մելգոնեան Վարժարանի հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն։