image

Մելգոնեանի 100-ամեակի համերգը՝ յիշողութեան եւ վերանորոգ հաւատքի երեկոյ

Մելգոնեանի 100-ամեակի համերգը՝ յիշողութեան եւ վերանորոգ հաւատքի երեկոյ

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան պատմական շրջափակը անգամ մը եւս լեցուեցաւ մելգոնեանական շունչով, երգով ու յիշողութեամբ։ Հաստատութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ տեղի ունեցած համերգը դարձաւ ոչ միայն գեղարուեստական յայտագիր, այլեւ՝ հաւաքական խոնարհում մը այն հարուստ ժառանգութեան առջեւ, որ Մելգոնեանը փոխանցած է սերունդներու։

Համերգը կը վայելէր Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ Հայկական Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի նախագահութիւնը եւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի հովանաւորութիւնը։ Երեկոյին ներկայ գտնուեցան Տէր եւ Տիկին Մահտեսեաններ, բազմաթիւ հիւրեր, ինչպէս նաեւ արտասահմանէն ժամանած Մելգոնեանցի շրջանաւարտներ, որոնք այս նշանակալից առիթով վերադարձած էին իրենց սիրելի հաստատութեան յարկը՝ ապրելու յուշի, պատկանելիութեան եւ երախտագիտութեան պահեր։

Այս մասին իմացանք Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ Հայկական Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ այդ գրառումը՝

Ուրբաթ, 26 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 100 Ամեակի տօնակատարութեան համերգը տեղի ունեցաւ հաստատութեան շրջափակին մէջ, Սուրբ Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ երգչախումբերու կատարողութեամբ։ Համերգը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Կաթ. Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ նախագահութիւնը՝ Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի։ Տէր եւ Տիկին Մահտեսեաններ ներկայ գտնուեցան համերգին՝ բազմաթիւ հիւրերու եւ Մելգոնեանցի շրջանաւարտներու հետ, որոնք այս առթիւ ժամանած էին արտասահմանէն։