image

ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը ՀՀ-ի մէջ կատարած է 9000-րդ պարեկային ծառայութիւնը

ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը ՀՀ-ի մէջ կատարած է 9000-րդ պարեկային ծառայութիւնը

Հայաստանի մէջ գործող Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնը յայտարարած է, որ այս շաբաթ հատած է 9000 պարեկային ծառայութեան նշաձողը։

Առաքելութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ սա կը վկայէ առաքելութեան անդամներու քրտնաջան աշխատանքի, դիմացկունութեան եւ իրենց մանտաթը հետեւողականօրէն իրականացնելու նկատմամբ նուիրուածութեան մասին։

ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ նպաստելով իրավիճակի վերահսկողութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան։