image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան պիտի մասնակցի Խամենէիի յուղարկաւnրnւթեան

Փաշինեան պիտի մասնակցի Խամենէիի յուղարկաւnրnւթեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի օդային հարուածներու հետեւանքով զոհուած Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան։ Այս մասին յայտնած են իրանական լրատուամիջոցները։

Խամենէիի յուղարկաւորութեան Փաշինեանի մասնակցութեան մասին գործակալութեան տեղեկացուցած է Իրանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Արա Շահվերտեանը։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի վարչապետի այցի վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Իրանի փոխնախագահ Սեյէտ Համիտ Փուրմոհամատիի՝ անցեալ շաբաթավերջին Հայաստան կատարած այցի ընթացքին։

«Փուրմոհամատիի եւ Փաշինեանի հանդիպման ժամանակ Հայաստանի վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու յեղափոխութեան սպաննուած առաջնորդի յուղարկաւորութեան»,– նշած է Շահվերտեանը։

Ալի Խամենէիի հոգեհանգստեան եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնները, ըստ հաղորդումներուն, պիտի սկսին Յուլիս 4-ին եւ պիտի շարունակուին մինչեւ Յուլիս 9։ Իրանական կողմի տեղեկութիւններով՝ արարողութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ շարք մը հարեւան պետութիւններու ղեկավարներ։

Լրատուամիջոցներու համաձայն՝ յուղարկաւորութեան շարքային մասնակիցներուն թիւը կրնայ հասնիլ մինչեւ 35 միլիոնի։