image
Հրատապ լուրեր:

Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան՝ Քեսապի նոր Հոգեւոր տեսուչ 


Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան՝ Քեսապի նոր Հոգեւոր տեսուչ      


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ, Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան նշանակուեցաւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ՝ փոխարինելով շուրջ երեք տարի Քեսապի մէջ ծառայած Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանը։ Հայր Վահրիճ Շաբաթ, 20 Յունիս 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ ժամանեց Քեսապ եւ ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ։

Ստորեւ այդ մասին  Բերիոյ Թեմի Պաշտօնական էջով  տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդառաջելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի դիմումին, հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ քեսապահութեան հոգեւոր տեսուչ նշանակեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանը, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ Քեսապ ժամանեց Շաբաթ, 20 Յունիս 2026-ի առաւօտուն եւ ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեան։

Նախ բոլորը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ «Տէրունական Աղօթք»-ը մատուցեցին, որմէ ետք համախմբուեցան եկեղեցւոյ «Սահակեան» սրահէն ներս, ուր ներկայ գտնուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ, Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Հայր Եսային՝ Քեսապէն ներս շուրջ եռամեայ իր ծառայութեան համար եւ նոր պաշտօնին առնչութեամբ յաջողութիւն եւ արդիւնաբեր ծառայութիւն եւ աշխատանք մաղթեց։ 

Սրբազան Հայրը ներկայացուց Քեսապի նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ Հայր Վահրիճը եւ համագործակցութեամբ տեղւոյն թաղական խորհուրդին եւ բոլոր միութիւններու եւ մարմիններու պատասխանատուներուն՝ յաջողութիւն եւ հեզասահ ծառայութիւն եւ աշխատանք մաղթեց։

Խօսք առաւ Հայր Եսային, որ որդիական երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգատարութեան եւ խնամքին համար, ինչպէս նաեւ քեսապահայութեան պայծառ օրեր մաղթեց։

Թաղական Խորհուրդի ատենապետ տիար Վիգէն Լնդեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ բարի երթ մաղթեց Հայր Եսայիին, իսկ նորանշանակ հոգեւոր տեսուչին բազմաբեղուն եւ արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս, յիշելով, որ Քեսապի մէջ ծառայած բոլոր Հայր Սուրբերը իրենց դրական կնիքը ձգած են քեսապահայութեան կեանքին մէջ։

Այնուհետեւ, Հայր Վահրիճ, իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին, որուն արտօնութեամբ եւ բարձր տնօրինութեամբ քեսապահութեան հոգեւոր տեսուչ նշանակուեցաւ։ Հայր Վահրիճ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր հայրական յորդորներուն համար եւ մաղթեց, որ միասնական աշխատանքով, ձեռք-ձեռքի տալով կազմակերպեն եւ առաւել պայծառացնեն հայ եկեղեցական կեանքը Քեսապի մէջ։ 

Յիշենք, որ նորանշանակ հոգեւոր տեսուչը, վաղը՝ Կիրակի, 21 Յունիս 2026-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցէ իր անդրանիկ պատարագը, որմէ ետք «Սահակեան» սրահէն շնորհաւորական ընդունելութիւն պիտի կատարուի։