image
Հրատապ լուրեր:

«Թող երթան ուրիշները, օր պիտի գայ, եւ պիտի զղջան»,- Մայտա Սթանպուլեանը Հայաստան չտեղափոխուած սուրիահայերու մասին

«Թող երթան ուրիշները, օր պիտի գայ, եւ պիտի զղջան»,- Մայտա Սթանպուլեանը Հայաստան չտեղափոխուած սուրիահայերու մասին

Սուրիահայ տանտիկինները, Հայաստան տեղափոխուելով, առաջին բանի մասին որ մտածեցին, այն էր, թէ ինչպես նոր պայմաններուն մէջ աշխատիլ՝ օգնելու համար ընտանիքներուն,  նոր միջավայրին մէջ: Անոնք, որ երբեւէ կարիք չէին ունեցած աշխատելու, քանի որ տղամարդոց վաստակը բաւարար եղած էր ապրելու համար, հայրենիքի մէջ նոր իրականութեան բախուեցան. Մէկ անձի աշխատանքը բաւարար չէր նորմալ կենցաղավարութեան համար:

Իսկ ի՞նչ կրնային ընել անոնք, եթէ իրենց ամբողջ կեանքի զբաղմունքը եղած էր ձեռագործութիւնն ու խոհարարութիւնը,  այս արհեստներու նրբութիւնները սկսան ի ցոյց դնել ու զարմացնել հայաստանցիները: Շատերու համար սա իսկապէս ապրուստի միջոց հանդիսացաւ, սակայն ոչ՝ Մայտա Սթանպուլեան-Տէմիրճեանի, որ եւս նոյն զբաղմունքն ունի, բայց չի կարծեր, որ այն լուրջ եկամուտ կրնայ բերել ընտանիքին:

«Պարզապէս ըրի, որ մենք մեզ մոռանանք, եթէ միեւնոյն ժամանակ մենք մեր գործերէն քիչ մը օգտուինք, ինչո՞ւ չէ, բայց որ ասոր վրայ յոյս դնենք, այդպիսի բան չկայ: Այս գործերով չենք կրնար տուն պահել, պարզապէս զբաղմունք է, գոնէ հայ ժողովուրդը Հայաստանի մէջ գիտնայ, որ այսպիսի գործեր կ'ընենք, աշխատասէր տիկիններ ենք»,-«Արեւելք»ին կը պատմէ տիկին Մայտան, որ վերջերս մասնակցած էր «Սուրիահայերու շունչը Երեւանի մէջ» խորագիրը կրող հերթական ցուցահանդէս-վաճառքին:

Անոր սեղանին խոհանոցային իրեր են՝ փայտէ տախտակներ, շերեփներ՝ զարդարուած աւանդական պատկերներով, երիզուած ապակիներով. Սա բացառիկ գործ է, որով Հայաստանի մէջ շատ քիչերը կը զբաղուին, ուստի Մայտա Սթանպուլեանի աշխատանքը աչքի ինկաւ ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան Յովհաննէս Շարամբէյեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնի կողմէ:


«Մարդիկ գործերս տեսնելով,  եկան, իմացան, թէ որու գործերն է, ըսին՝ ուրեմն մեր մօտ եկուր, թանգարան, գացի, գործերս տարի, երեք փուլէ անցայ, վերջապէս որոշեցին, որ պէտք է ժողովրդական վարպետի վկայական տան»,-հպարտութեամբ կը պատմէ տիկինը:

Հալէպի մէջ թէեւ չէ աշխատած, բայց իր աշխատանքներով մշտապէս միջազգային  ցուցահանդէսներու մասնակցած է, «Պարզապէս նուէրի համար, մեր տունը զարդարելու համար կ'ընէինք, բայց քանի որ հասանք այստեղ, երկար պիտի մնանք, 7 տարի եղաւ արդէն, պէտք է որ բանով մը զբաղուինք»,-ըսաւ հալէպահայ կինը:

2012-էն  Հայաստան կը գտնուին, սակայն անկէ առաջ դեռ 2009-էն քաղաքացիութիւն ստացած են՝ համարելով, որ Հայաստանն է միայն իրենց տունը, հետեւաբար պատերազմի ժամանակ այլ ճանապարհներ փնտռելու մասին չեն մտածած:

«Գանգատ  չունիմ  Հայաստանի մէջ, ես ու ընտանիքս շատ ուրախ ենք, բաւական է, որ մեր հողն ու ջուրն է, ամէն երկիր ալ սխալ ու ճիշդ կայ, բայց այստեղ գոնէ ոտքերդ հաստատուն են հայրենի հողին վրայ, մեր երազն էր, որ իրականացաւ»-կ'ըսէ Հայաստանի քաղաքացին:

Իսկ անոնք, որոնք այլ երկիրներ նախընտրեցին երթալ, Մայտա Սթանպուլեանի կարծիքով, օր մը ետ պիտի գան հայրենիք: Կ'ըսէ. «Թող երթան ուրիշները, օր պիտի գայ, ժամ պիտի գայ, փոշամանին, հայրենիքի մէջ քեզի ոչ ոք կ'ըսէ՝ քաղաքէն դուրս ել, բայց Եւրոպան կրնայ ըսել՝ չեղաւ թուղթերնիդ, գացէք, բայց մենք այստեղէն լաւ տեղ ուրկէ՞ գտնենք»:

 


Տիկ. Մայտան վստահ է, որ հայերը աշխարհի մէջ հպարտանալու բազմաթիւ առիթներ պիտի ունենան, իսկ իր ցանկութիւնը այն է, որ ոչ թէ ժամանակ առ ժամնանակ ցուցահանդէսներու միջոցով իր աշխատանքը ի ցուցադրէր, այլ ըլլար վայր մը, ուր կարենար հիմնական  ցուցադրել ու վաճառել որպէս անհատ ձեռնարկատէր  «Maida handcraft»  անուան տակ ներկայացուող սեփական աշխատանքները: