Արաբական անապատներէն արեւադարձային տաք օդային հոսանքներու ներթափանցմամբ պայմանաւորուած՝ 27 եւ 28 Յունիսին հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մէջ կը սպասուի խիստ բարձր ջերմաստիճան, Արարատեան դաշտին եւ անոր նախալեռներուն, Վայոց Ձորի նախալեռներուն, Սիւնիքի հովտային գօտիին եւ Երեւանի մէջ ցերեկային ժամերուն կը սպասուի +38 ․․․ +39 աստիճան։
27 Յունիսէն 2 Յուլիսը նշուած գօտիներուն մէջ կը սպասուի նաեւ բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ:
Անդրմանիշակագոյն ճառագայթման ցուցանիշը կը կանխատեսու չափանիշէն բարձր։ Խորհուրդ կը տրուի ժամը 11։00-էն մինչեւ 17։00-ն ինկած ժամանակահատուածին խուսափիլ արեւի ուղիղ ճառագայթներէն։