image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիա. Զինուորական ծառայութենէ ազատելու փրկագինի նոր օրէ՞նք

Սուրիա. Զինուորական ծառայութենէ ազատելու փրկագինի նոր օրէ՞նք

«Ալ Արապի Ալ Ժատիտ» թերթը, վկայակոչելով իր աղբիւրները, յայտնած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը սկսած է ուսումնասիրել երկրի մէջ գտնուող զօրակոչիկներու համար զինուորական պարտադիր եւ պահեստային ծառայութենէ ազատելու համար փրկագին որոշելու օրակարգը:

Նախնական տուեալներով, պարտադիր զինուորական ծառայութենէ ազատելու փրկագինը պիտի կազմէ 2,5 միլիոն սուրիական լիրա (4850 տոլար), իսկ պահեստային զինծառայութեան պարագային` 800 հազար սուրիական լիրա (1550 տոլար):
Աղբիւրին համաձայն, Համայի հիւսիսային արուարձանի, Հալէպի հարաւային արուարձանի եւ Իտլիպի ազատագրման խնդիրները լուծուելու պարագային, փրկագինի օրէնքը մինչեւ տարեվերջ պիտի հրապարակուի: