Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեանը կառավարութեան աշխատանքէն ազատելու դիմում ներկայացուցած է:
Տեղեկութիւնը Factor.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է Շիրակի մարզպետարանի տեղեկատւութեան բաժնի պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արաքս Կիրակոսեանը:
Նշենք, որ Տիգրան Պետրոսեանը Շիրակի մարզպետ նշանակուած էր 6 փետրուար 2019-ին: Արաքս Կիրակոսեանը փոխանցած է, որ Տիգրան Պետրոսեանն իր աշխատանքէն ազատուիլը պիտի մեկնաբանէ կառավարութեան որոշումէն ետք: