image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ այսօր առաջին զանգը հնչեց 2636 աշակերտի համար

Արցախի մէջ այսօր առաջին զանգը հնչեց 2636 աշակերտի համար

Արցախի 229 դպրոցներու մէջ այսօր հնչեց առաջին զանգը: 2636 փոքրիկներ առաջին անգամ ոտք դրին դպրոց։

Շատոնց արդէն դպրոց կը յաճախէ այն սերունդը, որ ծնած ու մեծցած է ազատ, անկախ Արցախի Հանրապետութեան մէջ: Այսօր անկախութեան սերունդն է նաեւ, որ կը պաշտպանէ երկրի սահմանը, այն երկրի, որ 20 տարի առաջ հռչակած է իր անկախութիւնը:

Այսօր արցախեան դպրոցներուն մէջ զիրար շնորհաւորած են ոչ միայն գիտելիքի օրուան, այլ նաեւ ԼՂՀ հռչակման 20-ամեակին առիթով, որ մեծ շուքով պիտի տօնուի վաղը: