image
Հրատապ լուրեր:

ANCA-ն հրապարակած է միջանկեալ ընտրութիւններուն Քոնկրէս անցած հայ թեկնածուներու անունները

ANCA-ն հրապարակած է միջանկեալ ընտրութիւններուն Քոնկրէս անցած հայ թեկնածուներու անունները

ԱՄՆ Հայ դատի գրասենեակը (ANCA), անդրադառնալով 6 նոյեմբերին կայացած Քոնկրէսի միջանկեալ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն, տեղեկացուցած է, որ Քոնկրէս անցած են շարք մը հայ օրէնսդիրներ:


Կազմակերպութեան ֆէյսպուքեան էջին վրայ նշուած է, որ խօսքը Աննա Աստուածատուրեան Թըրքոթի, Էնթընի Պրինտիզիի, Աննա Էշուի եւ Ճեքի Սփիրի մասին է:

Յայտնի է, որ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը ներկայացնող Աննա Աստուածատուրեանը առաջադրուած էր Մեն նահանգի Ուեսթպրուք քաղաքէն:

«Աննան Բաքուի ջարդերու պատճառով ընտանիքին հետ փախուստի դիմած փախստական է, որ Արցախի անկախութեան հարցով միջազգային յարգանք վայելող փաստաբան է: Աննան երկրորդ անգամն է, որ Քոնկրէսի անդամ կ'ընտրուի»,-նշուած է կայքին մէջ:

Մինչդեռ Նիւ Եորքէն առաջադրուած դեմոկրատ Էնթընի Պրինտիզին, որ ընտրուած է Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ, Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած գաղթականներու ժառանգ է: Անոր նախնիները ծնած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, իսկ Ցեղասպանութեան ժամանակ գաղթած են Հալէպ:

Պրինտիզին ընդգծած է, որ անհամբեր կը սպասէ ամերիկահայ համայնքի, Քոնկրէսի ամերիկահայ ներկայացուցիչներու հետ աշխատելու, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու առաջնահերթութիւններու առաջխաղացմամբ, այդ շարքին՝ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով զբաղուելու հնարաւորութեան:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ հայկական արմատներ ունեցող Աննա Էշուն եւ Ճեքի Սփիրը եւս վերընտրուած են Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ:

Կայքին մէջ նաեւ նշուած է, որ ANCA-ի աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն մէկ մասը յաղթած է ընտրութիւններուն: Հայամէտ դիրքորոշում ունեցող թեկնածուներէն Քոնկրէս անցած է Պոպ Մենենտըսը:

Կը նշուի, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի համահեղինակ, Արցախի անվտանգութեան ու զարգացման հարցով ׂջատագով, Անգարայի ու Պաքուի խիստ քննադատը Սենաթի անդամ վերընտրուած է:

Ներկայացուցիչներու պալատ անցած են ANCA-ի աջակցութիւնը վայելող դեմոկրատներ Փիթըր Ուիսքլոզքին, Ճիմ Պենքսը, Անտրէ Քարսոնը, Ճոն Եարմութը, ինչպէս նաեւ հանրապետական Կուս Պիլիրաքիսը եւ մէկ տասնեակէ աւելի թեկնածու:

Կը նշուի, որ եթէ դեմոկրատները յաջողին մեծամասնութիւն կազմել Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ, ապա կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող յանձնաժողովներու նախագահներու պաշտօններուն յաւակնող հայամէտ դիրքորոշմամբ օրէնսդիրներու թիւը աւելի մեծ կ'ըլլայ: Խօսքը հետախուզութեան, ուժանիւթի եւ առեւտուրի, արտաքին գործերու, արտաքին յատկացումներու ու շարք մը այլ յանձնաժողովներու մասին է:

Միացեալ Նահանգներու մէջ 6 նոյեմբերին իրականացուած Քոնկրէսի միջանկեալ ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներու համաձայն՝ Սենաթի մէջ առաջատար են Հանրապետական կուսակցութեան անդամները՝ 51 տեղ, իսկ Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամները ստացած են 43 տեղ: Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ սակայն, առաջատար են դեմոկրատները՝ 210, իսկ նախագահ Տանըլտ Թրամբի կուսակիցները՝ 191 տեղ:

CNN կայանի գնահատականներու համաձայն՝ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ դեմոկրատները կը ստանան 238 տեղ, իսկ անոնց մրցակիցները՝ 197 տեղ: