image

Իրանի իշխանութիւններէն Հայաստանի ընտրութիւններուն վերաբերեալ՝ շնորհաւորանք

Իրանի իշխանութիւններէն Հայաստանի ընտրութիւններուն վերաբերեալ՝ շնորհաւորանք

 

ՀՀ-ի մէջ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու բարեյաջող կայացման կապակցութեամբ ԻԻՀ ԱԳՆ խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէն շնորհաւորած է Հայաստանի ժողովուրդը եւ ընտրուած ուժերը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դիմատետրեան էջը:

 

«ԻԻՀ ԱԳՆ խօսնակը յաջողութիւն մաղթած է ընտրութիւններուն յաղթանակած ուժերուն Հայաստանի զարգացման, ներքին կայունութեան հաստատման եւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ:

Հաշուի առնելով ԻԻՀ արտաքին քաղաքականութեան մէջ հարեւան երկիրներու կարեւորութիւնը՝ ԻԻՀ ԱԳՆ խօսնակն ընդգծած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման նշանակութիւնը եւ վստահութիւն յայտնած, որ նոր խորհրդարանի եւ կառավարութեան ձեւաւորմամբ ալ աւելի կ'ընդլայնուին եւ կը զարգանան երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները»: