image

«Այսօր սխալ ընտրանքները Լիբանանը կրնան քաղաքացիական պատերազմի տանիլ». Տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեան

«Այսօր սխալ  ընտրանքները  Լիբանանը  կրնան  քաղաքացիական պատերազմի  տանիլ». Տօքթ. Մեսրոպ  Թասլաքեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  ծնունդով  այնճարցի, ներկայիս Քուէյթ  հաստատուած տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեանը

 

 

-Արդէն 9-րդ  օրն է, որ Լիբանանի ամբողջ տարածքով  մէկ բողոքի  ցոյցեր տեղի կ՚ունենան. ի՞նչ  կը մտածէքայս անգամ  լիբանանցիները պիտի հասնի՞ն իրենց նպատակին։ 


Որպէս Լիբանանի պատմութեան եւ ժողովրդագրական կառոյցին  ծանօթ մարդ, պէտք է ըսեմ, որ զգուշ եմ   ստեղծուած  իրավիճակին խանդավառ գնահատականներ  տալէ։ «Լիբանանեան նմոյշ»ը, իր նմանը չունի աշխարհի երեսին: Երկիր մըն է, ուր ընդելուզուած են տարբեր ցեղագրական ծագման, կրօնի եւ նոյնիսկ մտածելակերպի տէր հաւաքականութիւններ, գումարած` երկրին աշխարհագրական դիրքն ու հարիւրաւոր տարիներու անցեալ ունեցող եւ ազդեցիկ աւատապետական կարգեր իրենց ենթակայ համայնքներով եւ այս տարերամերժ տարրերը համախմբող` իւրայատուկ համայնքային հողի վրայ ստեղծուած` հանրապետութիւն:

Լիբանանցի ժողովուրդին փողոց իջնելը, այսօր, իր բոլոր խաւերով եւ  յարանուանութիւններով կը յիշեցնէ իր պատմութեան թերեւս միակ համաժողովրդական ապստամբութիւնը 1943-ին, ի խնդիր անկախութեան: Այս անգամ սակայն` առանց իրենց աւանդական ղեկավարութեան մասնակցութեան: Ընդհակառակն` անոնց դէմ: Ճիշդն ըսած` կը մտահոգէ զիս այս մէկը, մի քանի պատճառներով:

⁃Նախ, ճիշդ է, որ ժողովուրդը համոզուած է, որ սոյն քաղաքական վերնախաւը անյուսալիօրէն փտած է եւ փոփոխութեան կը կարօտի, սակայն` ի՞նչ է անոնց տարբերակը: Ո՞վ կը յաւակնի ըլլալ ժողովուրդի ընտրեալը առանց յարուցելու համայնքային նոր հարցեր:

⁃Ժողովուրդը միացնողը այսօր իր ապրած կենցաղային եւ տնտեսական սուր տագնապներն են, սակայն միթէ՞ սա բաւարար է ՄԷԿ ԱԶԳ հասկացողութեան սկիզբ դնելու եւ քաղաքացիական նոր հասարակութիւն մը հիմնելու: Չեմ կարծեր, որ լիբանանցին իր համայնքային պորտալարը կտրած է տակաւին իր կրօնական կամ համայնքային-աւանդական հեղինակութեանց հետ, որքան ալ այսօր ամբաստանէ զանոնք գողութեամբ ու փտածութեամբ: Դիւրին չէ,  մի քանի հարիւրամեակի կեանք ունեցող` կռապաշտութեան հասնող ենթակայութենէ մը մէկ հարուածով հրաժարիլ:

⁃Այսօր քաղաքական ղեկավարութիւնը իր բոլոր իրերամերժ հոսանքներով` միացած է ընդդէմ ժողովուրդին, քանի իրենց գոյութեան խնդիրն է հոս: Կը ջանան զանազան խոստումներով եւ ձգձգումներով ժամանակ շահիլ, թուլացնելու եւ յուսահատեցնելու համար ժողովուրդը եւ եթէ կը խուսափին այժմ բռնի ուժ կիրառելէ՝ որոշ պատճառներով, միւս կողմէն սակայն` պիտի աշխատին հրահրել համայնքային զգայնութիւններ, որպէս փորձուած միջոց, երկպառակութիւններ ստեղծելու եւ ժողովուրդը ետ համայնքային փարախ վերադարձնելու:

-Խնդիր է, որ առ այսօր, ցուցարարները չունին յստակ և համաձայնեցուած ծրագիր  եւ միասնական ղեկավարութիւն, բանակցելու համար քաղաքական վերնախաւին հետ, ինչ որ առաւելութիւն կ՛ընծայէ իշխանութեանց:

⁃Լիբանանի մէջ կան զինեալ  ներուժ ունեցող կարգ մը կուսակցութիւններ, մասնաւորաբար` «Հըզպալլա»ն որու ղեկավարութեան դէմ եւս կը հնչեն նոյն մեղադրանքները, բան մը, որ սրբապղծութիւն կը համարուէր ասկէ առաջ: Արդեօ՞ք   այդ կուսակցութիւնը փորձութեան  պիտի մատնուի բռնի ուժ կիրառելու ցուցարարներուն դէմ եթէ իրերը զարգանան դէպի ծայրայեղութիւն: Բանակը պիտի պաշտպանէ՞ ցուցարարները: Ճիշդ է, որ այս մէկը քաղաքական ինքնասպանութիւն է «Հըզպալլա»ի կողմէ, սակայն նկատի ունենալով, որ անոր ղեկավարութիւնը խոշոր չափով ենթակայ է Իրանի և Իրանը սկսած է հող կորսնցնել շրջանին մէջ, ինչպէս կը պատահի Իրաքի մէջ, կրնա՞յ արդեօք դիմել այս վերջին յուսահատ միջոցին, իշխանութիւնը իր  ձեռքը պահելու համար: Այս ընտրանքը կրնայ տանիլ մինչեւ նոր քաղաքացիական պատերազմի:

⁃Այս բոլորին վրայ կը թեւածէ տնտեսական և ելեւմտական կառոյցի ամբողջական փլուզման ուրուականը, ինչպէս կը հաստատեն կարգ մը տնտեսագէտներ, որ նոյնիսկ յեղափոխութեան յաջողութեան  պարագային` աներեւակայելի քաոսի մէջ կրնայ նետել երկիրն ու ժողովուրդը:

Այս բոլորը մտահոգութիւններ են, որ կարմիր թելի պէս կ՛անցնին մեր յեղափոխական տրամադրութեանց մէջէն: Ամբողջ սրտով կը ցանկամ, որ յեղափոխութիւնը իր բաղձալի աւարտին հասնի, քանի Լիբանանը սպառած է ինքզինքը այլեւս որպէս համայնքային հանրապետութիւն և ձախողած է որպէս պետութիւն: Լաւագոյն տարբերակը, ըստ իս` բանակի իշխանութեան  գալն է, անշուշտ  ժամանակաւորապէս, քանի  բանակը միակ պետական հաստատութիւնն է, որ կը վայելէ ժողովուրդին վստահութիւնը: Իսկ տնտեսական հարուա՞ծը: Այդ ալ երեւի անխուսափելի գինն է, որ յուսամ երկար չի տեւեր:

 

-Ցուցարարները կ՚ըսենոր  իրենց պայքարը ամբողջ  քաղաքական  վերնախաւին դէմ  է, արդա՞ր է այս մօտեցումը։


Լիբանանի իշխանութեան վերնախաւը ընդհանրացած հասկացողութիւն է ժողովուրդին մօտ: Անշուշտ արդար չէ չորը թացին հետ այրել, քանի քաղաքական վերնախաւին մէջ եղած են ասկէ առաջ  եւ  վստահաբար այսօր ալ կան ազնիւ մարդիկ, որ մնացած են մաքուր և անկեղծօրէն մտահոգուած են ժողովուրդին ճակատագրով: Սակայն մեծ մասը, ըլլալով աւատապետական փտած համակարգի անդամները կամ գործակիցները` այս կամ այն չափով դեր ունին ներկայ տնտեսական և քաղաքական ծայր աստիճան վատթարացման մէջ: Որքան ալ հակադրուած ըլլան իրարու անձնապէս կամ քաղաքական-ընտրական հաշիւներով, սակայն ունին ընդհանուր շահ` իրար հետ համագործակցելու, երկրին հարստութիւնը իւրացնելու, իրար միջեւ բաժնելու և նոյնիսկ` իրար վրայ ծածկելու գծով:

 

-Երէկ նկատեցինքոր տարբեր շրջաններու եւ յատկապէս  Պէյրութի կեդրոնական  հատուածին  մէջ բախումներ  տեղի ունեցան: Մտահոգի՞չ է այդ մէկը, կամ փողոցին    մէջ առկայ  պայքարը կրնա՞յ ուրիշ  տեղ տանիլ։


Մտահոգիչ է, երբ խաղաղ ցոյցերը կը փորձեն մղել ծայրայեղութեանց, զանազան սադրանքներով: Իշխանութեան փտած վերնախաւը agent provocateur-ներու միջոցով ամէն կարելի միջոցի պիտի դիմէ ահաբեկելու, բարոյալքելու ըմբոստները և զիրենք մղելու բռնարարքներու ըլլա՛յ բանակին, ապահովութեան ուժերուն կամ կուսակցամոլ խմբաւորումներու դէմ: Սա առիթ կ՛ընծայէ իշխանութեանց որպէս «խռովարարներ» բռնի ուժ գործադրել ճնշելու համար ժողովուրդը, եթէ չյաջողի համայնքային գժտութիւն սերմանելով կամ սին խոստումներով ցրուել ցոյցերը: Յուսանք, որ ժողովուրդը արթուն  կը գտնուի   եւ  առաւելագոյն չափով զսպուածութիւն  կը ցուցաբերէ, ապա թէ ոչ փոքր արկած մը կրնայ արագօրէն մեծնալ և տարածուիլ անկանխատեսելի հետեւանքներով 

 

-Նախագահ Աուն հանդէս եկաւ  պատգամով մը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն՝  բոլորուելու ու անսալու իր խօսքերուն: Ան նաեւ ներկայացուց նախաձեռնութիւն մը: Աուն պիտի յաջողի՞ իր  նախաձեռնութեան մէջ։


Նախագահին ուղերձը իմ կարծիքովս կ՛արտացոլէ իշխանութեան վերնախաւին շփոթահար  հոգեվիճակը  եւ  ապրած ճգնաժամը: Հոն չկան յստակ և մտածուած քայլեր լուծումի ճամբուն վրայ, այլ պարզապէս ժամանակ շահելու միջոցներ, մինչեւ իշխանութեան համար նուազագոյն վնասներով լուծում մը գտնուի: Ինչպէս սպասելի էր, այն եւս արժանացաւ Վարչապետ Հարիրիի բարեփոխումներու ծրագրին ճակատագրին: Անտեսումի:

 

-Ի՞նչ կարծիքի էք՝ Լիբանանի  նախագահը սպառա՞ծ է, թէ՞ պիտի կարողանա՞յ լուծել  երկրին մէջ  երեւցող սուր տագնապը։ 


Նախագահ Աունի վարչակարգը հակառակ «Ուժեղ Վարչակարգի» գովազդին, դժբախտաբար, փաստեց թէ ո՛չ միայն անկարող է նախորդ պետական վարչութեանց սխալները ուղղել, այլեւ` անկարող է նոյնիսկ իր խոստումներու նուազագոյնը ապահովել ժողովուրդին: Երկիրը կանգնած է բարոյական և տնտեսական սնանկութեան շէմին, իսկ ժողովուրդը հասած է յուսահատութեան այն աստիճանին, որ նոյնիսկ անիշխանութիւնը կը նախընտրէ այսպիսի համատարած փտածութենէ և ամուլ վարչակարգէն: Բան մը պէ՛տք է փոխուի այլեւս Մայրիներու Երկրին մէջ: Եւ ժողովուրդը որոշումը առած է: