Օգոստոս 4-ը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի համար դարձաւ ողբերգական թուական մը: Անցեալ տարի այդ թուականին ահասարսուռ պայթում մը ցնցեց ամբողջ Լիբանանը, որուն հետեւանքով զոհ գացին 200-է աւելէ քաղաքացիներ, եւ արձանագրուեցան 5000 վիրաւորներ։
Պայթումը նաեւ արձանագրեց նիւթական հսկայ վնասներ. շէնքեր փլատակ եղան, մօտաւորապէս 600 հայ ընտանիքի բնակարանները վնասուեցան:
Օրին «Արեւելք» լուսաբանեց աղէտը: Լիբանանահայութիւնը ունեցաւ 15 զոհ եւ 250 տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած վիրաւորներ:
Հայ զոհերուն կարգին էր 22-ամեայ Ճէսիքա Պէզճեանը: Ան Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի շրջանաւարտներէն էր: Երկու տարի առաջ աւարտած էր Պելմոնթ համալսարանը որպէս հիւանդապահուհի եւ կը պատրաստուէր մագիստրոսի աստիճանին: Պայթումի ատեն ան կը գտնուէր իր աշխատավայրը՝ Պէյրութի յունական հիւանդանոցը, որ շատ մօտ է նաւահանգիստին, այլ խօսքով՝ շատ մօտ պայթումի վայրին։
Ճէսիքայի ծնողքը զրուցելով «Ալ Նահար»-ին հետ՝ պատմեցին երիտասարդ Ճէսիքայի ու անոր կորուստին պատճառած խոր ցաւին մասին:
«Ճէսիքան եռանդուն աղջիկ մըն էր, ամէն կիրակի ան տարբեր խաղիկներով կը փորձէր ուրախացնել մեզ։ Եւ այսօր ալ ան միշտ ներկայ է մեր մէջ: Ան կը սիրէր մարդոց օգնել, եւ այդ պատճառով ալ որոշած էր հիւանդապահուհի դառնալ։
Պայթումին առաւօտը հերթականին պէս ան գացած էր գործին: Երբ լսեցինք աղմուկը, ես կ'աղօթէի, նախազգացում մը ունեցայ որ աղջիկս զիս կը կանչէ: Զանգեցի, բայց չպատասխանեց: Ամուսինս՝ Ճորճը, եւ միւս աղջիկս՝ Ռոզալինը, արագ գացին աշխատավայրը՝ հիւանդանոց: Ես տունը մնացի, բայց անհամբերութեան պատճառով չկրցայ սպասել, ես ալ հասայ հիւանդանոց: Մինչ այդ, ամուսինս ու աղջիկս գտած էին Ճէսիքան շտապ օգնութեան բաժինը, բժիշկները փորձած էին փրկել զինք, բայց չէին յաջողած: Ճէսիքան հրեշտակի պէս քնացած էր, հակառակ վէրքերուն, դէմքը մնացած էր անարատ: Երբ արթնցայ ինքզինքս տունս գտայ:
Երկու շաբաթ առաջ այցելեցի Ճէսիքայի հիւանդանոցը, այնտեղ պատմեցին ինծի, որ Ճէսիքան պայթումին օրը, հիւանդանոցի նախասրահը, իր աշխատանքային մուտքը արձանագրած ատեն, յանկարծ ամբողջ առաստաղը փլած է իր վրայ: Կռնակը լման կտրուած է, արիւնոտած ուսապարկը պահած եմ տակաւին:
Այն, ինչ որ Ճէսիքային կը պատկանէր, պահած եմ ինչպէս որ է. հագուստները, հեռաձայնը, սենեակը: Նոյնիսկ իր հեռախօսահամարին վճարումը ամէն ամիս կ'ընեմ: Ցաւը օրըստօրէ աւելի կը զօրանայ:
Ոճրագործները ոչ միայն աղջիկս սպաննեցին, այլ մեր ամբողջ ընտանիքը։
Ա՛լ կեանք չմնաց մեզի համար, միայն՝ կսկիծ ու տխրութիւն: Դեռ մինչեւ հիմա չեմ հաւատար, փողոցի ինքնաշարժներուն մէջ կը նայիմ, թերեւս աղջիկս տեսնեմ: Եթէ պատահի տունը մինակ ըլլամ, կը խօսիմ իր հետ, կը կանչեմ զինք՝ Ճեսսի եկուր ճաշը պատրաստ է:
Կը սպասենք, որ արդարութիւնը ի վերջոյ տիրէ: Մեր գործիչներուն անձեռնմխելիութիւնը աղջկաս արիւնը չ'արժեր: Լիբանանի արդարադատութիւնը պէտք է կագնեցնէ արդարութիւնը, ապա ուրեմն ո՞ւր հասած ենք մենք: Ես իմ իրաւունքս կը պահանջեմ՝ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը: Ճը: Ամէն օր կ'անիծեմ այս պայթումի պատասխանատուները: Ինչո՞ւ պատժեցին զիս, ինչո՞ւ պէտք է լամ աղջկաս կորուստը, որովհետեւ օրինակելի քաղաքացի՞ էի:
Մենք միշտ սիրած ենք մեր Պէյրութը, բայց հիմա իրենց (ի նկատի ունի երկրի քաղաքական գործիչները) պատճառաւ՝ ոչ: Այն Պէյրութը, ուր մեծցած ենք ու զայն ճանչցած ենք, ա՛լ չկայ, քանդեցին: Ժողովուրդը այլեւս կ'ուզէ ձգել հեռանալ: Ճէսիքան ալ կը մտածէր գաղթելու մասին: Հանած էր լիբանանեան ու հայկական անձնագիրները: Հիմա չեմ փափաքիր, որ երկրորդ աղջիկս հոս ապրի այլեւս:
Մեզի տեղեկացուցին, որ Ճէսիքան աշխարհի ամենաերիտասարդ հիւանդապահուհին էր, որ զոհ գացած է: 22 տարեկան էր, տարեդարձն ալ մօտ էր, ամէն օր կը հարցնէր՝ ի՞նչ անակնկալ պիտի պատրաստես, մամա՛, չէի գիտեր, որ տարեդարձը գերեզմանոցին մէջ պիտի նշենք: Օգոստոսին պիտի ընեմ իր առաջին տարեդարձը երկինք բարձրանալուն:
Ամէն գիշեր կը համբուրեմ աղջկաս նկարը ու կը խնդրեմ իրմէ, որ այցելէ երազիս մէջ:
Աստուած արքայութեան արժանացնէ քեզ, աղջի՛կս, սպասէ՛ մեզի, պիտի գանք քովդ: Շատ կարօտցած եմ քեզի: Շատ կը սիրեմ քեզ: Կը ներես, որ չկրցայ...
Նիւթը ՝«Ալ Նահար»-էն