image

Փաշինեան նիւթական հատուցում կը պահանջէ Կարապետեանէն եւ «Ուժեղ Հայաստան»էն

Փաշինեան նիւթական հատուցում կը պահանջէ Կարապետեանէն եւ  «Ուժեղ Հայաստան»էն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը երկու հայց ներկայացուցած է գործարար Սամուէլ Կարապետեանի եւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան դէմ՝ զրպարտութիւն համարուող տուեալները հերքելու եւ իւրաքանչիւրով 6 միլիոն դրամ փոխհատուցում վճարելու պահանջով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հետք»ը։

Սամուէլ Կարապետեանի դէմ հայցի առիթ դարձած է 2026թ. մայիս 25-ի հարցազրոյցը, որուն մէջ Սամուէլ Կարապետեանը յայտարարած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Գանատայի մէջ ունի տուն։ Ն. Փաշինեանը յայտնած է, որ այդ տեղեկութիւնը ամբողջութեամբ զրպարտութիւն է, կեղծ է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան։

Ն. Փաշինեանը կը պահանջէ հերքումն իրականացնել եութուպեան ալիքով, նուազագոյնը երկու հարիւր հազար բաժանորդագրութիւն ունեցող առնուազն երեք լրատուամիջոցներով, ուղիղ եթերով տեսաձայնագրման միջոցով՝ վճռով նշուած բուն բնագիրը ընթերցելու միջոցով։ 

Աւելին՝ սկզբնաղբիւրէն։