Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բժշկուհի Հուրի Քահքէճեանը։
Այս մասին իմացանք հանգուցեալի մտերիմներէն։
Հուրի Քահքէճեան ծնած էր Հալէպ, 1962-ին, եւ մասնագիտական ուսումը ստացած իր ծննդավայրին մէջ, վկայուելով որպէս սրտաբան։
Նախապատերազմեան շրջանին Լենա Քահքէճեան գործած է մասնաւորապէս Հալէպի «Մաշֆա Պասէլ» հիւանդանոցին մէջ։
Պատերազմի թէժացումէն ասդին ան իր ընտանեկան պարագաներուն հետ փոխադրուած է Հայաստան ու շրջան մըն ալ դասախօսութիւններ կարդացած է Երեւանի «Հայ բուսակ» համալսարանին մէջ։
Յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Հուրի Քահքէճեան կը փակէ իր աչքերը, խոր ցաւի մատնելով իր հարազատներն ու բարեկամներու շրջանակը։
Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր չորեքշաբթի Մալաթիա շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։