Պէյրութի աղէտալի պայթումին առաջին տարելիցին առթիւ «Արեւելք»ի յատուկ թողարկման շարքէն.-
Պայթումի հետեւանքներուն եւ ապրուած ծանր աղէտին ու այսօր տիրող դրութեան մասին յաւելեալ լուսաբանուելու համար «Արեւելք» հարցազրոյց ունեցաւ կրթական գործիչ, երկար տարիներու միութենական եւ Լիբանանի Օգնութեան խաչի նուիրեալ անդամ Արփի Մինասեանին հետ:
-Մէկ տարի անցած է այն օրէն, երբ աղէտալի պայթումը կը ցնցէր Պէյրութը կը. Ի՞նչ կը յիշէք պայթումի առաջին վայրկեաններէն եւ ինչպէ՞ս փրկուեցաք պայթումէն։
Լիբանանի 4 Օգոստոս 2020-ի, երեքշաբթի, ժամը 6:06-ի պայթումը ահաւոր ձեւով ցնցեց Լիբանանի ժողովուրդը: Պէյրութի արեւելեան բաժինը բոլորովին քանդուած է, իսկ ճնշման մնացեալ զօրութիւնը գացած է հակառակ ուղղութեամբ՝ դէպի ծովը: Ահռելի վիճակ էր, անտանելի կացութիւն: Նման պայթում մը Հիրոշիմա, Նակազաքիի պայթումէն ետք, երրորդն է իր տեսակին մէջ, ամէն ինչ կործանուած, քանդուած է, եւ հիմա որ արդէն մէկ տարի անցած է դէպքէն, տակաւին իւրաքանչիւր օր կը յիշենք մեր ապրած այդ ծանր վայրկեանները:
Մենք այդ ժամանակ շէնքին մէջն էինք, վերելակին դռան առջեւ, երբ առաջին պայթումը եղաւ ամուսինս նստաւ աստիճաններուն սկիզբը, երկրորդ պայթումին արդէն ես չեմ գիտեր ինչպէս ամուսինիս վրայէն անցնելով, գլորուեցայ աստիճաններէն վար. բարեբախտաբար կրցայ անմիջապէս բազրիկը բռնել եւ մինչեւ վար չգլտորիլ: Երբ ինքզինքս գտայ, տեսայ որ վիրաւորուած եմ, բայց այդ ժամանակ ալ այդքան պոռչտուքներ, ձայներ կը լսուէին շէնքին մէջ, որ սկսայ շուրջիններուս մասին մտածել։ Դրացիիս զաւակները «մա՜մ, մա՜մ» կը պոռային, դիմացի դրացին կը պոռար, որ ամուսինը վիրաւորուած է, սակայն օգնութեան հասնող չկար։ Նոյնիսկ բուժօգնութեան մեքենայ կարելի չէր կաչնել, որովհետեւ պիտի չկարենար մեր թաղը հասնիլ ...։
Եւ այդպէս ամէն մարդ արիւնլուայ վիճակով կը վազվզէր փողոցներուն մէջ, եւ այդ վիճակով բոլոր ծանր վիրաւորեալները մահացան։ Մեր թաղին մէջ ունեցանք 7 մահ՝ 4-ը հայ, 3-ը տեղացի եւ 50-է աւելի վիրաւոր, որոնց հազիւ մէկ ժամ վերջ կրցան հիւանդանոց հասցնել՝ մոթոսիքլեթներէով որովհետեւ ինչպէս ըսի, մեքենաները չէին կրնար թաղ մտնել, բոլոր դուռ-պատուհանները կտրտուած փողոց թափած էին:
Այս միջոցին երբ տուն մտանք, տեսանք ամէն ինչ գետնին էր, նստելիք, քալելիք տեղ չկար, նոյնիսկ հեռաձայնիս հասնելու կարելիութիւնը չունէի, շատ գէշ կացութիւն մըն էր, անտանելի վիճակ:
-Ապրած էք Լիբանանի ողջ պատերազմին ահաւորութիւնը, սակայն կ՚ըսուի, որ այսպիսի պայթումի մը ականատեսը չէր եղած Լիբանանը։ Ի՞նչքանով ճիշդ է այդ տեսակէտը եւ ի՞նչ ունիք ըսելիք այդ իմաստով։
Ի տես այս պայթումին ահագնութեան, սկսանք Լիբանանի պատերազմի ժամանակները փնտռել, որովհետեւ այդ օրերուն գոնէ գիտէինք որ պատերազմ է եւ կը պատսպարուէինք։ Իսկ երբ ռումբ մը իյնար, մէկ ամբողջական յարկաբաժին մը կը քանդէր, ոչ թէ այսպէս լրիւ շէնք մը։ 15 Տարի պատերազմ տեսած, 15 տարի արեւելեան, արեւմտեան Պէյրութի փողոցներէն անցելով նման վախ չէինք ապրած, ասի բոլորովին տարբեր զգացում մըն էր որ ունեցանք, սկիզբը խորհեցանք որ միայն մեր շէնքին հետ կապուած պայթում մըն է, բայց վերջը երբ ոտքի ելանք, տեսանք որ ամբողջ թաղամասը նոյն վիճակի մէջ է, ահռելի կացութիւն էր:
Ցաւալին այն է, որ կրնայինք գոնէ նուազ մարդկային կորուստ ունենալ, եթէ պատկան մարմինները ճիշդ շարժէին ....։ Դէպքը սկսաւ ժամը 5:00-ին, երբ փոքր ձայներ սկսան լսուիլ՝ թանկի անիւներու ձայնի նման, վերջը ձայները կամաց կամաց զօրացան, այդ միջոցին պատկան մարմինները կրնային շրջանը պարպելու կոչ ընել եւ ըսել մարդոց որ հեռանան շրջանէն, եւ այդպիսով գոնէ միայն տուները կը քանդուէին։
Անշուշտ կար նաեւ կողոպուտի պարագան եւ նոյնիսկ այդ նեղ կացութեան մէջ տուներէն կողոպուտներ ալ եղան, աւազակներ առիթէն օգտուելով իբր օգնութեան հասնելու պատրուակով տուներ մտան եւ կողոպտեցին:
-Տարբեր վարկածներ առաջ կը քաշուին եղած պայթումին վերաբերեալ. Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, եղածը արկա՞ծ էր, թէ՞ ահաբեկչութիւն։
Պայթումի առնչութեամբ վարկածները շատ եմ, ամէն մէկը կարծիք մը կու տայ, բայց որեւէ մէկ յստակ տուեալ չկայ, դեռ չեն կրցած հաստատել՝ ահաբեկչութիւն է, թէ արկած, քննութիւններ տեղի կ'ունենան, տեսնենք ինչ արդիւնքի պիտի հասնին: Բայց ժողովուրդը ոտքի է եւ կը պահանջէ, որ վայրկեան առաջ բացայայտուի իրականութիւնը եւ բոլոր պատասխանատուները պատժուին:
-Հայութիւնը, ինչպէս միւս համայնքներու անդամները մեծապէս տուժեցին այս ծանր հարուածէն։Արդեօք մէկ տարի անց լիբանանահայութիւնը կարողացա՞ւ դարմանել իր վէրքերը։
Լիբանանահայութիւնն ալ, միւս համայնքներու նման, մեծապէս տուժեց։ Տուժեցին մանաւանդ Մար Մըխայէլի, Ժըմայզիի, Խալիլ Պատաուիի եւ Քարանթինա շրջաններուն մէջ ապրող հայերը։ Այդ շրջաններուն մէջ կ'ապրին 250-300-ի մօտ հայ ընտանիքներ, որոնք բոլորն ալ շատ ծանր վնասներ կրեցին, որովհետեւ պայթումի վայրէն՝ նաւահանգիստէն 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէինք։ Քարանթինայի շրջանի վիճակը աւելի վատ էր, տուներ փլան, իսկ Մար Մխայէլի շրջանին մէջ տուներու լրիւ քանդում տեղի չունեցաւ: Այսօր այդ կացութենէն կամաց կամաց դուրս ելած ենք, ընկերութիւն մը յանձն առաւ շրջանի նորոգումը, մեր՝ Մար Մխայէլի շրջանէն 11, իսկ Քարանթինայի շրջանէն 66 շէնքեր պիտի նորոգուին։
Այդ ժամանակ շուրջ երկու ամիս ապրեցանք առանց ելեկտրականութեան, առանց դուռ, պատուհանի, սաւաններով փակած էինք պատուհանները, եւ երբ շէնքին առջեւ նորոգութեան համար բարձր երկաթներ դրուեցան այդ միջոցին գիշերներն ալ չքնացանք, որ յանկարծ տունը գող չմտնէ։ Մեր թաղին մէջ մարդ չմնաց եւ մինչեւ այսօր, հակառակ որ տուները նորոգուած են, մարդիկ տակաւին տուն վերադառնալու մտադրութիւն չունին, մանաւանդ կորուստ ունեցողները։ Մեր թաղամասը տակաւին ամայի է, շէնքեր կան, որ լրիւ դատարկ են, շէնքեր կան, ուր քանի մը ընտանիք կ'ապրին, մեր շէնքին մէջ 2 ընտանիք ենք, այսինքն՝ 4 հոգի:
Բայց չմոռնանք, որ նախքան պայթումն ալ, Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը, «Քորոնա» ժահրի վիճակը իրենց ազդեցութիւնը ունեցած էին լիբանանահայութեան վրայ, համայնքը արդէն դժուարին պայմաններու մէջ կը գտնուէր, եւ երբ 4 Օգոստոսի դէպքը պատահեցաւ, աւելի վատթարացաւ մեր կացութիւնը:
-Դուք կ՚ապրիք պայթումին ամենամօտակայ շրջանին մէջ, ուր փլուզումը եւ քանդումը եղան համատարած. Այդ վիճակին, որպէս արձագանգ նկատեցինք, որ համայնքային մարմիններէն զատ ստեղծուեցան փոքր խմբակներ (յաճախ անհատական նախաձեռնութեամբ), որոնք հասան շրջանի հայութեան պէտքերուն։ Առհասարակ տեղի հայութիւնը գոհ մնաց օգնութեան համար մեկնուած ձեռքէն, ի՞նչ են գնահատականները։
Բարեբախտաբար, յաջորդ օրն իսկ, մեր Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ ՀՅԴ Լ.Ե.Մ.-ական տղաքը հաւաքուեցան եւ սկսան օգտակար դառնալ շրջանի հայութեան, յանձն առին թաղի մաքրութիւնը եւ իւրաքանչիւրին տունը մաքրելու պարտականութիւնը։ Շատ աշխոյժ էին ու լաւ ձեւով մաքրեցին այդ կոտրտած տախտակները, ապակիները, վարձքը կատար անոնց։ Եկան միասին, ձեռք- ձեռքի տուին ու բոլորը միասին աշխատեցան։ Կարգ մը երիտասարդներ նոյնիսկ հեռաւոր Այնճար հայկական աւանէն եկած էին, որպէսզի օգտակար դառնան հայութեան, եւ ես ալ իմ հերթիս իրենց կ'ուղղորդէի այն տուները, որոնք իրապէս կարիքն ունէին այդ օգնութեան։
Նաեւ, ինչպէս նշեցիք, առանձին խմբակներ կազմուեցան, զանազան կազմակերպութիւններէ ու կեդրոններէ զանազան անձեր եկան եւ տէր կանգնեցան մեր ժողովուրդին: Մեր տղոցմէ երկուքը, մէկը Մոսկուայէն, միւսը Ֆրանսայէն, միասնաբար Լիբանանի համար դրամահաւաք մը սկսան եւ ուղարկեցին Պէյրութի մէջ իրենց հետ համագործակցող տղոց, որպէսզի կատարեն օժանդակութիւնը բաժնելու աշխատանքը, իւրաքանչիւր ընտանիքի 500 000-էն մինչեւ մէկ միլիոն դրամ բաժնեցին։ Այդ օժանդակութիւնը ըրին, որպէսզի իրենց անմիջական պէտքերը հոգան, եւ այդպիսով իմ ցուցմունքներովս անխտիր օգնեցին շրջանի բոլոր բնակիչներուն։Այս խմբակներուն աշխատանքը շարունակուեցաւ մինչեւ նոյեմբեր ամիս: Կային նաեւ խմբակներ, որոնք վրաններ շինած էին թաղին մէջ եւ ճաշ կը պատրաստէին ու կը բաժնէին՝ օրական 3 անգամ։ Այդ աշխատանքը այսօր ալ կը շարունակուի, սակայն միայն անկարող, տարեցներուն համար։
Լիբանանի օգնութեան խաչն (Լ.Օ.Խ.) ալ տարբեր առիթներով միշտ կապի մէջ մտաւ եւ փորձեց հասնիլ բոլորին, մաքրութեան առարկաներ բաժնեց շրջանի հայութեան, եւ վերջին օգնութիւնը, որ քանի մը ամիս առաջ էր, ձմռնային ծածկոցներ բաժնեց ժողովուրդին։ Ես ալ ուրախ եմ, որ կարողացայ լաւագոյնս փոխանցել եւ հասնիլ մեր շրջանի բոլոր կարիքաւոր եւ վիրաւորուած ընտանիքներուն, առանց խտրութեան եւ հոգեական մեծ գոհունակութեամբ:
-Ձեզի ծանօթ մարդիկ ալ, յաճախ սիրելի ու հարազատ, մահացան պայթումին հետեւանքով. Ինչ պէտք է ընել, անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։
Այս բոլորէն ետք, կը յուսանք, որ արդարութիւնը տեղը կը գտնէ եւ կը պատժուին բոլոր անոնք, որոնք պատճառ դարձան այս աղէտալի պայթումին։ Գոնէ այդպիսով կորուստ եւ ցաւ ունեցողները որոշ չափով կը մխիթարուին եւ զոհերու հոգիները խաղաղութիւն կը գտնեն: