image

«Այս ընտրութեամբ պիտի վճռուի Հայաստանի ապագան». Գրիգոր Խոտանեան

«Այս ընտրութեամբ պիտի վճռուի Հայաստանի  ապագան». Գրիգոր  Խոտանեան

«Արեւելք»-ի հարցումներուն կը պատասխանէ Արեւմտեան Ամերիկայի ՍԴՀԿ օրկան «ՄԱՍԻՍ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Գրիգոր Խոտանեան:

 

-Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։

Ինչպէս Հայրենիքի մէջ, այդպէս ալ սփիւռքի տարածքին, հայութիւնը մօտէն կը հետեւի նախընտրական զարգացումներուն եւ ընթացող քարոզարշաւին: Անշուշտ, չափազանց մեծ թիւով կուսակցութիւններու եւ կամ դաշինքներու մասնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն դժուար կը դարձնէ՝ ծանօթանալ բոլորի ծրագիրներուն ու տեսլականներուն: Այդուհանդերձ, ակնկալիքները այն են, որ ընտրութիւնները կը կայանան ազատ ու արդար պայմաններու տակ ու ժողովուրդի ձայնը կը դառնայ որոշիչ: Եկող օրերուն պիտի վճռուի ոչ միայն Հայաստանի ներկան, այլ եւ ապագան յառաջիկայ տասնամեակներուն համար:


-Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։

Անկեղծ ըլլալու համար ես այդ մտահոգութիւնները չեմ բաժներ: Նման կանխատեսումներ եղան նաեւ պատերազմին անմիջապէս յաջորդող ժամանակաշրջանին, սակայն մեր ժողովուրդն ու իշխանութիւնները առիթ չտուին, որպէսզի արմատական ընդդիմութեան սադրանքներն ու սպառնալիքները վերածուին փողոցային բախումներու:  Պատերազմի արդիւնքներուն պատճառաւ հասարակութիւնը ստանալով հանդերձ հոգեբանական ծանր հարուած, չընդառաջեց ընդդիմութեան կոչերուն ու նախընտրեց իր վերջնական խօսքը վերապահել քուէատուփին:
Անցեալին Հայաստանի մէջ միշտ ալ եղած են յետընտրական զարգացումներ ու բողոքի ցոյցեր: Եթէ ընտրութիւնները տեղի ունենան ազատ ու արդար պայմաններու տակ ու ժողովուրդը ինք ըլլայ որոշում կայացնողը, նման զարգացումները բացառուած են: Այսօր կան բոլոր տուեալները յուսալու համար որ, գործող իշխանութիւնները չեն դիմեր կեղծիքներու: 


-Նոր խորհրդարանի  կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։

Ինչպէս ըսի, այս ընտրութեամբ պիտի վճռուի Հայաստանի ապագան: Եթէ իշխանութեան գան ժողովրդավարական ուժեր ու կազմեն կառավարութիւն, Հայաստանի առջեւ կը բացուին նոր հորիզոներ, իսկ եթէ նախկինները վերադառնան իշխանութեան, ապա իրենց հետ կը վերադառնան նաեւ անցեալի յոռի փառքերը՝ օլիկարխիան, տնտեսական մենաշնորհները, թալանը, չարաշահումները, վախի մթնոլորտը, քաղաքական բանտարկեալները ու բազմաթիւ այլ երեւոյթներ:
Սակայն, կը հաւատանք որ մեր ժողովուրդը ունի բաւարար գիտակցութիւն ու պիտի չարտօնէ որ տեղի ունենայ վերադարձ դէպի անցեալը:
Նոր  կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ արհեստավարժ բանակի ստեղծումը՝ զայն օժտելով արդիական զէնքերով: Պէտք է շարունակուին բարեփոխումներու իրականացումը երկրէն ներս, սկսելով դատական համակարգէն, որուն նկատմամբ ժողովուրդի անվստահելութեան մակարդակ կը մնայ շատ բարձր: Առանց արդար դատական համակարգի կարելի չէ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցել: Ապօրինի հարստացման դէմ պայքարի գծով գործնական քայլեր առնելով, պետական գանձ պէտք է վերադարձնել մսխուած գումարները ու զանոնք ուղղել աշխատավարձերու բարձրացման ու աղքատութեան վերացման: Կայ նաեւ նոր Սամանադրութեան մշակման հարցը:
Այս շարքը կարելի է տակաւին երկարել, սկսած օրէնսդրական փոփոխութիւններէն, վերջացած գործնական քայլերով: Ամփոփ, հսկայական գործ կայ կատարելիք ու այդ իրագործելու համար երկիրը պէտք ունի ներքին երկարատեւ կայունութեան ու համերաշխութեան: