Հայ ժողովուրդը պէտք է հրաժարի կանգառի հոգեբանութենէն եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ընկալէ որպէս հայրենիք եւ հանգրուան։
Այս մասին յայտարարած է արձակուրդի մէջ գտնուող վարչապետ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեանը՝ խօսելով հայրենիքի ընկալման, ներքին խաղաղութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու մասին։
«Մենք ի վերջոյ պէտք է արձանագրենք, որ հայրենիք փնտռելու գործընթացն աւարտած է։ Մենք մեր հայրենիքը գտել ենք, եւ դա Հայաստանի Հանրապետութիւնն է»,-ըսած է վարչապետը։
Անոր խօսքով՝ եթէ մարդոց ենթագիտակցութեան մէջ շարունակուի ապրիլ նախկին բնակավայրեր վերադառնալու գաղափարը, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ընկալուի ոչ թէ որպէս հայրենիք, այլ որպէս ժամանակաւոր կանգառ։
«Եթէ մեր ենթագիտակցութեան մէջ անընդհատ լինի, որ մենք պէտք է վերադառնանք Վան, Մուշ, Ղարաբաղ, Նախիջեւան, մեր երկրին սկսում ենք վերաբերուել որպէս կանգառ»,- նշած է ան։
Փաշինեանը այդ համեմատած է ճանապարհի ընթացքին մէջ կանգառի մէջ գտնուելու զգացողութեան հետ, երբ մարդը չի կրնար լիարժէք հանգստանալ կամ իրեն ապահով զգալ։
«Այսօրուայ քաղաքական պրոցեսի ամբողջ իմաստն այն է, որ մենք Հայաստանի Հանրապետութեան կանգառի ըմբռնումը փոխում ենք հանգրուանի ըմբռնմամբ։ Մենք տեղ ենք հասել, ժողովուրդ»,- յայտարարած է վարչապետը։
Ան նաեւ դիմած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերուն՝ նշելով, որ անոնք եւս պէտք է փոխեն կանգառի զգացողութիւնը եւ հաստատուին Հայաստանի մէջ։
«Հիմա անոնք եկած են այստեղ, եւ մենք կ՚ուզենք, որ այդ մարդիկ տնաւորուեն, մեր նման տնաւորուեն, կանգառի զգացողութիւնը փոխեն հանգրուանի զգացողութեամբ»,-ըսած է Փաշինեանը։