Նաւատէրերը առաջիկայ քանի մը շաբաթներու ընթացքին պիտի չվերսկսին Հորմուզի նեղուցով տարանցումը, քանի դեռ չեն համոզուած, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը էական եւ գործնական բնոյթ ունի։ Այս մասին Financial Times օրաթերթին յայտնած է աշխարհի խոշորագոյն լցանաւերու գործարկող Mitsui OSK Lines-ի գլխաւոր տնօրէն Ճոթարօ Թամուրան (Jotaro Tamura)։
«Անհրաժեշտ է ոչ թէ պարզապէս համաձայնագիր կնքել, այլ ապահովել, որ այն իրական բնոյթ ունենայ եւ արտացոլէ Հորմուզի նեղուցին մէջ տիրող իրական իրավիճակը, որ նաւագնացութեան ընկերութիւնները կարենան յարմարաւէտ կերպով անցնիլ այդ ուղիով։ Վերջին քանի մը ամիսներու դէպքերը նկատի ունենալով՝ կը կարծեմ, որ ասիկա կրնայ տեւել առնուազն քանի մը շաբաթ, եթէ ոչ ամբողջ ամիս մը»,– կը մէջբերէ օրաթերթը Թամուրայի խօսքերը։
Յիշեցնենք, որ Փետրուարի վերջաւորութեան Իրանի շուրջ լարուածութեան սրացումը փաստօրէն դադրեցուցած էր Հորմուզի նեղուցով նաւագնացութիւնը։ Այս նեղուցը կարեւոր առեւտրական ուղի մըն է, մասնաւորաբար՝ Պարսից ծոցի երկիրներէն նաւթի եւ կազի մատակարարումներու համար։
Երկուշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Հորմուզի նեղուցի վերաբացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Յունիս 19-ին, Իրանի հետ համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք։