«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ծնունդով այնճարցի, ներկայիս Քուէյթ հաստատուած տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեանը
-Արդէն 9-րդ օրն է, որ Լիբանանի ամբողջ տարածքով մէկ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան. ի՞նչ կը մտածէք, այս անգամ լիբանանցիները պիտի հասնի՞ն իրենց նպատակին։
Որպէս Լիբանանի պատմութեան եւ ժողովրդագրական կառոյցին ծանօթ մարդ, պէտք է ըսեմ, որ զգուշ եմ ստեղծուած իրավիճակին խանդավառ գնահատականներ տալէ։ «Լիբանանեան նմոյշ»ը, իր նմանը չունի աշխարհի երեսին: Երկիր մըն է, ուր ընդելուզուած են տարբեր ցեղագրական ծագման, կրօնի եւ նոյնիսկ մտածելակերպի տէր հաւաքականութիւններ, գումարած` երկրին աշխարհագրական դիրքն ու հարիւրաւոր տարիներու անցեալ ունեցող եւ ազդեցիկ աւատապետական կարգեր իրենց ենթակայ համայնքներով եւ այս տարերամերժ տարրերը համախմբող` իւրայատուկ համայնքային հողի վրայ ստեղծուած` հանրապետութիւն:
Լիբանանցի ժողովուրդին փողոց իջնելը, այսօր, իր բոլոր խաւերով եւ յարանուանութիւններով կը յիշեցնէ իր պատմութեան թերեւս միակ համաժողովրդական ապստամբութիւնը 1943-ին, ի խնդիր անկախութեան: Այս անգամ սակայն` առանց իրենց աւանդական ղեկավարութեան մասնակցութեան: Ընդհակառակն` անոնց դէմ: Ճիշդն ըսած` կը մտահոգէ զիս այս մէկը, մի քանի պատճառներով:
⁃Նախ, ճիշդ է, որ ժողովուրդը համոզուած է, որ սոյն քաղաքական վերնախաւը անյուսալիօրէն փտած է եւ փոփոխութեան կը կարօտի, սակայն` ի՞նչ է անոնց տարբերակը: Ո՞վ կը յաւակնի ըլլալ ժողովուրդի ընտրեալը առանց յարուցելու համայնքային նոր հարցեր:
⁃Ժողովուրդը միացնողը այսօր իր ապրած կենցաղային եւ տնտեսական սուր տագնապներն են, սակայն միթէ՞ սա բաւարար է ՄԷԿ ԱԶԳ հասկացողութեան սկիզբ դնելու եւ քաղաքացիական նոր հասարակութիւն մը հիմնելու: Չեմ կարծեր, որ լիբանանցին իր համայնքային պորտալարը կտրած է տակաւին իր կրօնական կամ համայնքային-աւանդական հեղինակութեանց հետ, որքան ալ այսօր ամբաստանէ զանոնք գողութեամբ ու փտածութեամբ: Դիւրին չէ, մի քանի հարիւրամեակի կեանք ունեցող` կռապաշտութեան հասնող ենթակայութենէ մը մէկ հարուածով հրաժարիլ:
⁃Այսօր քաղաքական ղեկավարութիւնը իր բոլոր իրերամերժ հոսանքներով` միացած է ընդդէմ ժողովուրդին, քանի իրենց գոյութեան խնդիրն է հոս: Կը ջանան զանազան խոստումներով եւ ձգձգումներով ժամանակ շահիլ, թուլացնելու եւ յուսահատեցնելու համար ժողովուրդը եւ եթէ կը խուսափին այժմ բռնի ուժ կիրառելէ՝ որոշ պատճառներով, միւս կողմէն սակայն` պիտի աշխատին հրահրել համայնքային զգայնութիւններ, որպէս փորձուած միջոց, երկպառակութիւններ ստեղծելու եւ ժողովուրդը ետ համայնքային փարախ վերադարձնելու:
-Խնդիր է, որ առ այսօր, ցուցարարները չունին յստակ և համաձայնեցուած ծրագիր եւ միասնական ղեկավարութիւն, բանակցելու համար քաղաքական վերնախաւին հետ, ինչ որ առաւելութիւն կ՛ընծայէ իշխանութեանց:
⁃Լիբանանի մէջ կան զինեալ ներուժ ունեցող կարգ մը կուսակցութիւններ, մասնաւորաբար` «Հըզպալլա»ն որու ղեկավարութեան դէմ եւս կը հնչեն նոյն մեղադրանքները, բան մը, որ սրբապղծութիւն կը համարուէր ասկէ առաջ: Արդեօ՞ք այդ կուսակցութիւնը փորձութեան պիտի մատնուի բռնի ուժ կիրառելու ցուցարարներուն դէմ եթէ իրերը զարգանան դէպի ծայրայեղութիւն: Բանակը պիտի պաշտպանէ՞ ցուցարարները: Ճիշդ է, որ այս մէկը քաղաքական ինքնասպանութիւն է «Հըզպալլա»ի կողմէ, սակայն նկատի ունենալով, որ անոր ղեկավարութիւնը խոշոր չափով ենթակայ է Իրանի և Իրանը սկսած է հող կորսնցնել շրջանին մէջ, ինչպէս կը պատահի Իրաքի մէջ, կրնա՞յ արդեօք դիմել այս վերջին յուսահատ միջոցին, իշխանութիւնը իր ձեռքը պահելու համար: Այս ընտրանքը կրնայ տանիլ մինչեւ նոր քաղաքացիական պատերազմի:
⁃Այս բոլորին վրայ կը թեւածէ տնտեսական և ելեւմտական կառոյցի ամբողջական փլուզման ուրուականը, ինչպէս կը հաստատեն կարգ մը տնտեսագէտներ, որ նոյնիսկ յեղափոխութեան յաջողութեան պարագային` աներեւակայելի քաոսի մէջ կրնայ նետել երկիրն ու ժողովուրդը:
Այս բոլորը մտահոգութիւններ են, որ կարմիր թելի պէս կ՛անցնին մեր յեղափոխական տրամադրութեանց մէջէն: Ամբողջ սրտով կը ցանկամ, որ յեղափոխութիւնը իր բաղձալի աւարտին հասնի, քանի Լիբանանը սպառած է ինքզինքը այլեւս որպէս համայնքային հանրապետութիւն և ձախողած է որպէս պետութիւն: Լաւագոյն տարբերակը, ըստ իս` բանակի իշխանութեան գալն է, անշուշտ ժամանակաւորապէս, քանի բանակը միակ պետական հաստատութիւնն է, որ կը վայելէ ժողովուրդին վստահութիւնը: Իսկ տնտեսական հարուա՞ծը: Այդ ալ երեւի անխուսափելի գինն է, որ յուսամ երկար չի տեւեր:
-Ցուցարարները կ՚ըսեն, որ իրենց պայքարը ամբողջ քաղաքական վերնախաւին դէմ է, արդա՞ր է այս մօտեցումը։
Լիբանանի իշխանութեան վերնախաւը ընդհանրացած հասկացողութիւն է ժողովուրդին մօտ: Անշուշտ արդար չէ չորը թացին հետ այրել, քանի քաղաքական վերնախաւին մէջ եղած են ասկէ առաջ եւ վստահաբար այսօր ալ կան ազնիւ մարդիկ, որ մնացած են մաքուր և անկեղծօրէն մտահոգուած են ժողովուրդին ճակատագրով: Սակայն մեծ մասը, ըլլալով աւատապետական փտած համակարգի անդամները կամ գործակիցները` այս կամ այն չափով դեր ունին ներկայ տնտեսական և քաղաքական ծայր աստիճան վատթարացման մէջ: Որքան ալ հակադրուած ըլլան իրարու անձնապէս կամ քաղաքական-ընտրական հաշիւներով, սակայն ունին ընդհանուր շահ` իրար հետ համագործակցելու, երկրին հարստութիւնը իւրացնելու, իրար միջեւ բաժնելու և նոյնիսկ` իրար վրայ ծածկելու գծով:
-Երէկ նկատեցինք, որ տարբեր շրջաններու եւ յատկապէս Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ բախումներ տեղի ունեցան: Մտահոգի՞չ է այդ մէկը, կամ փողոցին մէջ առկայ պայքարը կրնա՞յ ուրիշ տեղ տանիլ։
Մտահոգիչ է, երբ խաղաղ ցոյցերը կը փորձեն մղել ծայրայեղութեանց, զանազան սադրանքներով: Իշխանութեան փտած վերնախաւը agent provocateur-ներու միջոցով ամէն կարելի միջոցի պիտի դիմէ ահաբեկելու, բարոյալքելու ըմբոստները և զիրենք մղելու բռնարարքներու ըլլա՛յ բանակին, ապահովութեան ուժերուն կամ կուսակցամոլ խմբաւորումներու դէմ: Սա առիթ կ՛ընծայէ իշխանութեանց որպէս «խռովարարներ» բռնի ուժ գործադրել ճնշելու համար ժողովուրդը, եթէ չյաջողի համայնքային գժտութիւն սերմանելով կամ սին խոստումներով ցրուել ցոյցերը: Յուսանք, որ ժողովուրդը արթուն կը գտնուի եւ առաւելագոյն չափով զսպուածութիւն կը ցուցաբերէ, ապա թէ ոչ փոքր արկած մը կրնայ արագօրէն մեծնալ և տարածուիլ անկանխատեսելի հետեւանքներով
-Նախագահ Աուն հանդէս եկաւ պատգամով մը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն՝ բոլորուելու ու անսալու իր խօսքերուն: Ան նաեւ ներկայացուց նախաձեռնութիւն մը: Աուն պիտի յաջողի՞ իր նախաձեռնութեան մէջ։
Նախագահին ուղերձը իմ կարծիքովս կ՛արտացոլէ իշխանութեան վերնախաւին շփոթահար հոգեվիճակը եւ ապրած ճգնաժամը: Հոն չկան յստակ և մտածուած քայլեր լուծումի ճամբուն վրայ, այլ պարզապէս ժամանակ շահելու միջոցներ, մինչեւ իշխանութեան համար նուազագոյն վնասներով լուծում մը գտնուի: Ինչպէս սպասելի էր, այն եւս արժանացաւ Վարչապետ Հարիրիի բարեփոխումներու ծրագրին ճակատագրին: Անտեսումի:
-Ի՞նչ կարծիքի էք՝ Լիբանանի նախագահը սպառա՞ծ է, թէ՞ պիտի կարողանա՞յ լուծել երկրին մէջ երեւցող սուր տագնապը։
Նախագահ Աունի վարչակարգը հակառակ «Ուժեղ Վարչակարգի» գովազդին, դժբախտաբար, փաստեց թէ ո՛չ միայն անկարող է նախորդ պետական վարչութեանց սխալները ուղղել, այլեւ` անկարող է նոյնիսկ իր խոստումներու նուազագոյնը ապահովել ժողովուրդին: Երկիրը կանգնած է բարոյական և տնտեսական սնանկութեան շէմին, իսկ ժողովուրդը հասած է յուսահատութեան այն աստիճանին, որ նոյնիսկ անիշխանութիւնը կը նախընտրէ այսպիսի համատարած փտածութենէ և ամուլ վարչակարգէն: Բան մը պէ՛տք է փոխուի այլեւս Մայրիներու Երկրին մէջ: Եւ ժողովուրդը որոշումը առած է: