image

«Լոյս կը ցողար սրահին մէջ...»Զաւէն Խանճեանի հատորները ներկայացուեցան Հալէպի մէջ

«Լոյս  կը ցողար  սրահին մէջ...»Զաւէն  Խանճեանի հատորները ներկայացուեցան Հալէպի մէջ

 Օրերս  Հալէպի  մէջ   տեղի ունեցած է   ամերիկահայ  գործիչ (բնիկ Հալէպցի)  ԱՀԱԸ-ի    գործադիր տնօրէն   Զաւէն  Խանճեանի     հատորներուն  («Հալէպ- առաջին կայարան» եւ «Այս  տունը քուկդ է, թէ իմս») շնորհահանդէսը։ Այդ  առթիւ կարճ գրառում մը կատարած է,  հալէպահայ ներհուն  մտաւորական  Լեւոն  Շառոյեան, որ զայն   կը ներկայացնենք  ստորեւ։

 Յիշեցնենք, որ     Զաւէն  Խանճեան,   որ   շուրջ ամիս մը առաջ     գտնուած  էր Հայաստան ու Արցախ իր   առաքելութիւնը շարունակած է   Սուրիոյ  մէջ, իսկ ներկայիս  ան   կը գտնուի   Պէյրութ՝  Լիբանան։

 

 Ստորեւ  Լ.Շառոյեանի գրառումը

 

«Երէկուան գինեձօնը, որ սարքուած էր Ամերիկայէն ժամանած պր. Զաւէն Խանճեանի գիրքերուն համար, ի՛սկապէս երազային երեկոյ մը ապրեցուց մեզի՝ «երազային Հալէպ»-ի բնակիչներուս:

   Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահը, անգամ մը եւս, դարձաւ գրականաշունչ ապրումներու, տոհմիկ զգացումներու եւ արուեստի անխարդախ զգայնութեանց խաչաձեւումի հարթակ մը, ուր հարազատօրէն հնչեց Հայ Բառը, Հայ Ձայնը ու Հայ Միտքը:

   Քիչ անգամ կը վայելենք այսքան փառաւոր ու տպաւորիչ, այսքան առինքնող հանդէս մը:

   Ամէն ինչ, յետին մանրամասնութեամբ, տնօրինուած էր բացառիկ բծախնդրութեամբ ու վայելչութեամբ:

   Լո՛յս կը ցողար սրահին մէջ, ճաշակն ու կոկիկութիւնը կը գտնուէին իրենց գագաթային բարձրութեան վրայ, ու Ամերիկայէն ժամանած հիւրն իսկ, գինեձօնի արարողութեան պահուն, ի սկզբանէ կը յայտարարէր, թէ արդէն գինովցեր էր...

  Այո՛, երէկ, մենք «երազային Հալէպ»-ը ապրեցանք Ծառուկեանի  նշանաւոր գիրքէն դուրս՝ մեր մորթին վրայ, մեր բոցավառ աչքերով ու մեր սրտին տրոփիւնով...»։