image

Գագարինի մէջ բացուած է 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոսներուն նուիրուած պուրակ

Գագարինի մէջ բացուած է 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոսներուն նուիրուած պուրակ

Գեղարքունիքի մարզի Սեւան համայնքի Գագարին բնակավայրի Բաղրամեան 3 շէնքի բակին մէջ կառուցուած է պուրակ՝ նուիրուած 44-օրեայ պատերազմի անմահ հերոսներուն:

Ինչպէս «Արմենփրէս»-ին տեղեկացուցած են Սեւանի համայնքապետարանի աշխատակազմէն, պուրակի գաղափարը, որ կեանքի կոչուած է հայրենի բնակավայրին մէջ՝ Յարութիւն Աւանէսեանի եւ համախոհներու միջոցով, ծնունդով գագարինցի, Ռուսիա բնակվող Նորայր Պօղոսեանինն է:

«Գագարին բնակավայրը 44-օրեայ պատերազմում ունեցաւ եօթ կորուստ, որոնց յիշատակը յաւերժացուել է նաեւ 2021 թուականին: Երախտապարտ գագարինցին`ի դէմս Աւանէսեանների ընտանիքի, նախաձեռնեց եւ իրականացրեց աստուածահաճոյ ու սպասուած ձեռնարկ: Գագարինցիներին եւ հիւրերին դիմաւորում է յուշախաչքար-աղբիւրը` «պատմելով» Տիգրան Ղարիբեանի, Ալիկ Պետրոսեանի, Յարութիւն Ռաֆայէլեանի, Ռադիկ Թորոսեանի, Յովիկ Վերանեանի, Արթուր Վիրաբեանի, Լեռնիկ Վերանեանի սխրանքի մասին՝ փոխանցելով հայրենասիրութեան իւօրինակ դասեր:

Իսկ երկրորդ ձեռնարկով Գագարինում աւելացաւ եւս մէկ պուրակ, որը ոչ միայն բարեսիրական գաղափարի ծնունդ է, այլ նաեւ յարգանքի տուրք անմահ հերոսներին եւ յիշողութեան լաւագոյն վայր»,-ներկայացուցած են Սեւանի համայնքապետարանի աշխատակազմէն: