image

Հալէպահայ Վրոյր Պիլէմճեանի նոր յաջողութիւնը

Հալէպահայ  Վրոյր  Պիլէմճեանի  նոր  յաջողութիւնը

Հոլանտայի Կրոնինկըն քաղաքի համալսարանի մէջ դոկտորայի թէզի ծիրէն   իր  գրանցած  յաջողութիւնէն ետք, հալէպահայ դեղագործ, դոկտորայի թեկնածու՝ Վրոյր Պիլէմճեան իր  աշխատանքները պիտի շարունակէ Գերմանիոյ մէջ:

 

 Այս մասին Պիլէմճեան   գրած է    դիմատետրի   իր էջին   մասնաւորապէս  նշելով, թէ  «Ապրած  փորձառութիւնս հետաքրքրական  ճամբորդութիւն մըն էր։ Աշխատեցայ  Հոլանտայի UMCG- Universitair Medisch Centrum Groningen (Կրոնիկընի բժշկական հալասարանի) արիւնաբանութեան բաժնին մէջ, որպէս դոկտորայի թեկնածու եւ հետազօտող  I-DireCT ընկերութեան մէջ:

I-DireCT- ը Marie Skłodowska-Curie Actions եւրոպական արդիւնաբերական դոկտորական թէզերու նախագիծ է, որ կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական Միութեան կողմէ H2020 ծրագրի ծիրէն ներս:

Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, աշխատած եմ ուռուցքային ախտազերծութեան ուսումնասիրութեան եւ բուժման ոլորտի զանազան նախագիծերու  վրայ։ Այս ընթացքին, իմ գործընկերներուս հետ միասին, կեդրոնացած էինք թիրախի կէտեր  ստուգող/ վաւերացնող յատուկ տեսակի հակամարմիններու մշակման վրայ:

Այժմ ուրախ եմ յայտարարելու, որ  պիտի շարունակեմ իմ նախագիծը Պերլինի SURFLAY Nanotech GmbH- ի մէջ: Որպէս I-DireCT-ի մասնակից ՝ իմ դերը պիտի ըլլայ զարգացնել դեղերու առաքման համակարգեր, հիմնուած «նանոմասնիկ»ներու վրայ, որոնք երկարատեւ շրջանառութեամբ պիտի ուղղուին դէպի ուռուցքը:

Անհամբեր եմ գիտնալու թէ ուր պիտի տանի զիս աշխատանքի այս նոր փուլը, եւ կ'ուզեմ շնորհակալութին յայտնել բոլորին, իրենց  ցուցաբերած յարատեւ աջակցութեան եւ սիրոյն համար  եւ Աստուած մեր հետ»։